ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄ

Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա երէկ աւարտեց իր պետական այցելութիւնը դէպի Երեւան։ Բարձրաստիճան հիւրը օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Իտալացի ղեկավարը եւ իր դուստրը՝ Լաուրա Մաթարելլա ծանօթացան նաեւ Փարաճանովի տուն-թանգարանի, Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի հաւաքածուներուն։ Պետական այցելութեան ծիրէն ներս Մաթարելլա Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ հայ եւ իտալացի ժողովուրդներու բարեկամութիւնը ունի պատմական խոր արմատներ։ Եղբայրական յարաբերութիւններու խորացման տեսակէտէ Նորին Սրբութիւնը կատարեց Հայաստանեաց Առաքելական եւ Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցիներու եւ անոնց միջեւ ձեւաւորուած ջերմ փոխյարաբերութիւնները։

Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ընդունուելէ վերջ Սերճիօ Մաթարելլա իր ընկերակիցներուն հետ այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատունը, ծանօթացաւ թանգարանէն ներս ցուցադրուող ազգային-հոգեւոր արժէքներուն եւ Հայոց Եկեղեցւոյ զանազան սրբութիւններուն։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեանն ալ Սերճիօ Մաթարելլայի հետ զրուցելու ընթացքին բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայաստան-Իտալիա բարեկամութեան մասին ու պատրաստակամութիւն յայտնեց ջանքեր գործադրելու համար երկկողմանի կապերու ապագայ զարգացման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ։ Իր կարգին, իտալացի ղեկավարն ալ ըսաւ. «Մեր ժողովուրդները իրարու կը կապէ ամուր բարեկամութիւնը եւ մենք անհրաժեշտ կը համարենք Իտալիոյ եւ Հայաստանի գործընկերութեան ա՛լ աւելի զարգացումը»։ Մաթարելլա աւելցուց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ Հռոմի ղեկավարութիւնը պիտի ներդնէ հնարաւոր ջանքերը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէ ներս հիմնախընդ-րի բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը ապահովելու համար։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չի կրնար ունենալ ռազմական լուծում եւ այդ մէկը իր բնոյթով միայն քաղաքական է։ Փաշինեան եւ Մաթարելլա կարեւորեցին տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան ամրապնդումն ու ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերու միջեւ աշխոյժ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը։

Հայաստանի վարչապետը աշխատանքային ճաշ մըն ալ սարքեց ի պատիւ Իտալիոյ նախագահին։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ երէկ հիւրընկալեց Իտալիոյ Արտաքին գործոց ու միջազգային համագործակցութեան նախարար Էնցօ Միլանեզին, որ մաս կը կազմէր Մաթարելլայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան։ Զրոյցի աւարտին նախարարները ստորագրեցին երկու փաստաթուղթ, որոնք կը նախատեսեն զարգացնել Երեւան-Հռոմ համագործակցութիւնը։ Մնացականեան եւ Միլանեզի եւս անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ մանաւանդ, որ Իտալիա ներկայիս ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրն է։ Երկու նախարարները կարեւորեցին բանակցային գործընթացը յառաջ մղելու տեսակէտէ խաղաղութեան համար նպաստաւոր մթնոլորտի մը ձեւաւորումը։                       

Մնացականեան եւ Միլանեզի խօսեցան նաեւ տարածքաշրջանային նշանակութեամբ շարք մը հարցերու շուրջ։ Անոնք մասնաւորապէս կանգ առին Իրանի միջուկային ծրագրին կապակցութեամբ տեղի ունեցող զարգացումներուն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2018