ԵՐԵՒԱՆ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ԱԶԴԱԿՆԵՐ ՉԷ ՍՏԱՑԱԾ՝ ԱՌԱՆՑ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան յայտարարեց, որ Երեւան Անգարայի կողմէ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատելու ազդակներ չէ ստացած։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս զանազան առիթներով յայտարարեց, որ պատրաստ են Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու։ Փաշինեանի յայտարարութիւնները ստեղծած են լայն արձագանգ։ Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ լայն տեղ կը յատկացնեն իր խօսքերուն։ Պաշտօնական յայտարարութիւնները կու գան վկայել, թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհին տեղաշարժ ակնկալելու առարկայական հիմքեր թէեւ գոյութիւն չունին, սակայն Թուրքիոյ մէջ զանազան մեկնաբաններ Փաշինեանի այդ մօտեցումը կը համարեն նոր բախտ մը։ Սա թէեւ Հայաստանի ալ աւանդական մօտեցումն է, այդպէս ալ որեւէ էական նորութիւն չի ցոլացներ, սակայն Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ տիրող առկայ կացութիւնը հերթական անգամ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։

Այս մթնոլորտին մէջ Տիգրան Բալայեան երէկ ըսաւ հետեւեալը. «Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատելու պատրաստակամութիւնը ամրագրուած է Հայաստանի նոր կառավարութեան ծրագրին մէջ, որ հաստատուած է Ազգային ժողովի կողմէ»։ Անդրադառնալով զանգուածային լրատուութեան միջոցներու արձագանգներուն՝ բանբերը աւելցուց. «Մամլոյ արձագանգներուն ծանօթ ենք, կը հետեւինք, բայց Թուրքիան այն երկիրը չէ, ուր մամուլի արձագանգներով քաղաքականութիւն կ՚իրականացուի»։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Տիգրան Բալայեան նշեց, որ եթէ թրքական իշխանութիւնները համապատասխան ազդակներ ուղարկեն, թէ անոնք պատրաստ են առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատել, ապա հայկական կողմը կը դիտարկէ այդ ազդակները։ «Այս պահու դրութեամբ մենք թրքական իշխանութիւններէն ազդակներ չունինք։ Ընդհակառակն, դուք հետեւած էք Թուրքիոյ նախագահի այցելութեան Ատրպէյճան, նախորդ շաբաթ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը այցելեց Ատրպէյճան, այնտեղ հնչած յայտարարութիւնները լրիւ հակառակը կ՚ըսեն։ Այսինքն, որեւէ ազդակ, ակնարկ կամ ուղերձ, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պատրաստ են առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատել, սահմանը բանալ, մենք չունինք», ընդգծեց Տիգրան Բալայեան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2018