ՃՆՇՈՒՄՆԵՐ ՉԿԱՆ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդները երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ հերքեցին այն պնդումները, ըստ որոնց փոքրամասնութիւնները կ՚ենթարկուին ճնշումներու։ Յայտարարութեան ստորադիրներու շարքին կը գտնուին Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. տիեզերական պատրիարքը, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Հրէից րաբունապետ ռաւ Իսհաք Հալեւա, Ասորիներու պատրիարքական փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Քաղդէական համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Ֆրանսուա Եաքան, Ասորի կաթոլիկներու պատրիարքական փոխանորդ քորեպիսկոպոս Օրհան Չանլը, Հայ բողոքական եկեղեցիէն վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, ինչպէս նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, հրեայ համայնքի նախագահ Իսհաք Իպրահիմզատեհ, Յունական վաքըֆներու միութեան նախագահ Անտոն Փարիզիանոս, Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ, Պէյօղլուի Ս. Աստուածածին ասորի եկեղեցւոյ վարչական խորհուրդի նախագահ Սաիտ Սուսին եւ այլ դէմքեր։

Վերջերս շրջանառութեան մէջ կը գտնուին զանազան պնդումներ, ըստ որոնց Թուրքիոյ մէջ տարբեր կրօններու անդամները կ՚ենթարկուին ճնշման։ Փոքրամասնութիւններու առաջնորդները այդ պնդումներու լոյսին տակ հրապարակած են վերոյիշեալ համատեղ յայտարարութիւնը։ Անոնք մատնանշած են, որ վերջերս հանրային կարծիքին կը ցոլանան շարք մը քաղաքական արտայայտութիւններ, զանազան կրօններու կամ հաւատի անդամ հաւաքականութիւններու վերաբերեալ պնդումներ, ըստ որոնց անոնց պաշտամունքներուն դէմ սահմանափակումներ եւ ճնշումներ կը կատարուին։ Այս բոլոր պնդումներուն դէմ յայտարարութեան մէջ մատնանշուած է հետեւեալը.

«Մեր երկրէն ներս դարերէ ի վեր հաստատուած տարբեր կրօնի կամ հաւատի անդամ վաղեմի հաւաքականութիւններու կրօնական ներկայացուցիչներն ու վաքըֆներու վարիչները ըլլալով՝ մեր հաւատքը կ՚ապրինք ազատօրէն եւ մեր պաշտամունքը կը կատարենք ազատօրէն՝ ըստ մեր աւանդութիւններուն։ Ամբողջութեամբ անհիմն են եւ իրենց նպատակը կը գերազանցեն այն յայտարարութիւնները, որոնցմով կը պնդուի, թէ ճնշումներ կան, կ՛ամ այդ ուղղութեամբ ակնարկութիւններ կը կատարուին։ Անցեալի մէջ ապրուած բազում նեղութիւններն ու դժուարութիւնները ժամանակի ընթացքին գտած են իրենց լուծումը։ Իսկ զարգացման կարօտ նիւթերու շուրջ մեր պետութեան կառոյցներուն հետ մշտապէս խորհրդակցութեան մէջ կը գտնուինք՝ փոխադարձ բարեացակամութեամբ եւ լուծման կամքով։ Այս համատեղ յայտարարութիւնով հանդէս կու գանք՝ առաջնորդուելով հանրային կարծիքը ճշմարտութիւններու մասին իրազեկելու պատասխանատուութեամբ ու գիտակցութեամբ»։ 

Հարկ է նշել, որ այս յայտարարութիւնը լայն արձագանգ գտած է տեղական զան-գըւածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2018