ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջերս հիւրընկալեց Կլենտէյլի «Էտվէնթիստ» բժշկական կեդրոնի նոր նախագահ Ալիս Ալիզային։ Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանի հաղորդումներով, Ալիս Ալիզայիին ընկերացան իրաւաբան Արսէն Դանիէլեան, որ յիշեալ առողջապահական կեդրոնի խնամակալ մարմնին կ՚անդամակցի, նաեւ Արեւմտեան թեմի թեմական խորհուրդի նախկին անդամներէն մին է։

Հանդիպման ընթացքին ակնարկելով Կլենտէյլի Էտվէնթիստ բժշկական կեդրոնի մատուցած թանկագին ծառայութեան համայնքի կեանքէն ներս՝ Առաջնորդ սրբազան հայ-րը ըսաւ. «Կլենտէյլ Էտվէնթիստ բժշկական կեդրոնը հանրաճանաչ է որպէս առաջնորդող հիւանդանոց՝ հայթայթելով Աստուծոյ սէրը եւ երկնային մխիթարութիւն իր հիւանդներուն։ Ան եղած է գնահատելի հաստատութիւն, որուն նուիրեալ անձնակազմը կը ծառայէ խոնարհութեամբ, գթութեամբ, խոր գիտակցութեամբ եւ հոգածութեամբ»։

Առաջնորդ սրբազան հայրը անդրադաձաւ նաեւ Կլենտէյլի Էտվէնթիստ բժշկական կեդրոնի եւ Արեւմտեան թեմի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ համագործակցութեան յաջողութեան, որ ապացուցուած է անցնող տարիներու ընթացքին գոյութիւն ունեցող համագործակցութեամբ։ Սրբազան հայրը ըսաւ. «Կլենտէյլի Էտվէնթիստ բժշկական կեդրոնը բոլորին կ՚առաքէ զօրաւոր պատգամ մը, թէ կեանքը պէտք է պաշտպանուի եւ յարգուի, սիրուի եւ խնամուի, ինչպէս որ պատուիրուած է Աստուծոյ կողմէ»։

Ամէն տարի մեր Տիրոջ ու Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ թեմի հոգեւորականները կը կատարեն Ջրօհնէքի արարողութիւնը հիւանդանոցէն ներս։ Հայց. Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, տօնական օրը չի՛ յիշատակեր միայն Քրիստոսի Ս. Ծնունդը, ա՛յլ նոյնպէս Քրիստոսի Ս. Մկրտութիւնը Յովհաննէս Մկրտչի ձեռամբ, որ կը յիշուի Ջրօրհնէքի արարողութեան ընթացքին։ Օրհնուած ջուրը ապա կը բաժնուի աւելի քան 100 հոգիներու՝ ներառեալ հիւանդանոցի անձնակազմին, տեղական պաշտօնեաներուն եւ հիւանդներուն, որոնք ամէն տարի կը մասնակցին արարողութեան։

Առաջնորդ սրբազան հայրը օրհնեց նորանշանակ նախագահը՝ վերստին վստահեցնելով Առաջնորդարանին յանձառութիւնը Կլենտէյլ Էտվէնթիստ բժշկական կեդրոնի հետ սերտօրէն համագործակցելու՝ ապահովելով յաջող ապագայ երկու հաստատութիւններու միջեւ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2018