ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Հա­յաս­տա­նի մէջ այ­սօր վե­րա­մուտ է։ 2016-2017 կրթա­կան շրջա­նը կը սկսի ու զու­գա­հե­ռա­բար կը նշուի՝ Սեպ­տեմ­բե­րի 1-ի Գի­տե­լի­քի օ­րը։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, ե­րէկ, վե­րա­մու­տի ըն­դա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցաւ կրթա­կան մշակ­նե­րու օրհ­նու­թեան կար­գը։ Խորհր­դա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան։

Գի­տե­լի­քի օ­րուան առ­թիւ պատ­գամ­ներ հրա­պա­րա­կե­ցին Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն այլ դէմ­քեր։ Բաց աստի, Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց բարձր յառաջդիմութիւն ցուցաբերած կամ միջազգային ողիմպիականներու շրջագծով յաջո­ղու­թիւններ արձանագրած դպրոցականներ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016