ՍԻՒԼԷՅՄԱՆ ՍՕՅԼՈՒ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ

Կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­նակն­կալ փո­փո­խու­թիւն մը։ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էֆ­քեան Ա­լա հրա­ժա­րե­ցաւ իր պաշ­տօ­նէն։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մէն վերջ այս նիւ­թը դար­ձաւ հան­րա­յին կար­ծի­քի սե­փա­կա­նու­թիւ­նը։ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ Պեշ­թե­փէի պա­լա­տէն դուրս գա­լու ժա­մա­նակ տե­ղե­կա­ցուց, որ Էֆ­քեան Ա­լա­յի փո­խա­րէն ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար նշա­նա­կուած է Սիւ­լէյ­ման Սօյ­լու։

Հա­շուի առ­նե­լով, որ Սիւ­լէյ­ման Սօյ­լու աշ­խա­տան­քի եւ ըն­կե­րա­յին ա­պա­հո­վու­թեան նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նը կը վա­րէր՝ կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մէն ներս անհ­րա­ժեշտ դար­ձաւ նաեւ երկ­րորդ փո­փո­խու­թիւն մը։ Այս­պէս, Պուր­սա­յի ե­րես­փո­խան Մեհ­մէտ Մի­ւէզ­զի­նօղ­լուն ալ նշա­նա­կուե­ցաւ աշ­խա­տան­քի եւ ըն­կե­րա­յին ա­պա­հո­վու­թեան նա­խա­րար։

Տե­ղա­կան մա­մու­լը կը գրէ, որ այս փո­փո­խու­թիւ­նը ե­ղած է Էր­տո­ղա­նի փա­փա­քով։ Գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւ­նը՝ ՃՀՓ-ն ալ Էֆ­քեան Ա­լա­յի հրա­ժա­րա­կա­նը հա­մա­րեց յա­պա­ղած։ Ան ե­րեք տա­րիէ ի վեր կը վա­րէր այդ պաշ­տօ­նը։ 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016