ԵՄ-ԷՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ Թուրքիոյ շփումները բոլոր մակարդակներու վրայ յառաջիկայ շրջանին պիտի խտանան։ Այս խտացեալ շփումներու մթնոլորտին մէջ Եւրոմիութիւնը ներկայ պահու դրութեամբ կեդրոնացած է տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու, թուայնացման եւ ուժանիւթի բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան վրայ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ ժողով մը, որուն մասնակցութիւն բերին պետական պատկան զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներ՝ քննարկելով Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս նախատեսուած բարեփոխումներու ընթացքը։ Այս առթիւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներու Եւրոմիութեան, աւելի ճիշդը՝ Շենկէնի գօտի ազատ մուտք գործելու խնդրին։ Վիզաներու ջնջման հարցին շուրջ խօսելով՝ նախարարը յոյս յայտնեց, որ քաղաքական խոչընդոտներ պիտի չստեղծուին։ «Ներառեալ վիզաներու ջնջումը, մենք կը փափաքինք մեր ջանքերուն արդիւնքները ունենալ Եւրոմիութենէն եւ չենք փափաքիր, որ քաղաքական խոչընդոտներ ստեղծուին», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։ Խնդրոյ առարկայ ժողովին, Մեւլիւտ Չավուշօղլուի առընթեր մասնակցեցան Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու, Արդարադատութեան նախարար Ապտիւլհամիտ Կիւլ եւ Գանձի ու ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաք։ Ժողովէն վերջ նախարարները հանդէս եկան համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ Թուրքիոյ մէջ նոր կառավարման դրութեան հաստատումէն յետոյ կազմակերպուած առաջին ժողովն էր այս մէկը։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու մամլոյ ասուլիսի ընթացքին տեղեկացուց, որ ժողովի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է՝ որպէսզի մասնաւորապէս քաղաքական խնդիրներու շուրջ բարեփոխումները թափ ստանան։ «Յառաջիկայ շրջանին արդարադատութեան, հիմնարար իրաւունքներու, ազատութիւններու եւ անվտանգութեան բնագաւառներու վերաբերեալ բոլոր գլուխներէն ներս պիտի կեդրոնանանք Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու եւ համապատասխան բարեփոխումներու վրայ», ըսաւ նախարար Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ մօտաւոր ապագային Թուրքիա կը նախատեսէ սերտ համագործակցութիւն ծաւալել նաեւ Եւրոխորհուրդի հետ։ Ցայսօր Եւրոխորհուրդի հետ Անգարա ունեցած է համատեղ յանձնաժողովներ, համատեղ աշխատանքային խումբեր եւ այդ սերտ համագործակցութիւնը միշտ եղած է փոխադարձ օգտակար։ Նախարարը յիշեցուց, որ Թուրքիա Եւրոխորհուրդի հիմնադիրներէն մին է։ Ներկայիս նախատեսուած համագործակցութիւնը պիտի ընդգրկէ ոչ միայն Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը, այլեւ Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանը եւ մնացեալ բոլոր հաստատութիւնները։

Ըստ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, Թուրքիա Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս կը ծրագրէ առաջնահերթութիւն ընծայել այն նիւթերուն, որոնց պարագային կարելի պիտի ըլլայ արդիւնքներու հասնիլ։ Սոյն խնդիրներու շարքին է Մաքսային միութեան բանակցութիւններու վերսկսիլը եւ վիզաներու ջնջման ծրագրի կեանքի կոչուիլը։ Նախարարը ընդգծեց, որ Թուրքիա որոշ ակնկալութիւններ ունի Եւրոմիութենէն։ «Վիզաներու ջնջումը ներառեալ, կը փափաքինք մեր բոլոր ջանքերուն արդիւնքը քաղել եւ չենք փափաքիր, որ քաղաքական խոչընդոտներ ստեղծուին», շեշտեց Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին մէջ Թուրքիա աւելի զօրակցութիւն կ՚ակնկալէ Եւրոմիութենէն։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարար Չավուշօղլու շեշտեց, որ նոր կառավարման համակարգի հաստատման զուգահեռ բարեփոխումներու խնդիրը պիտի շարունակէ մնալ Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնը։ Իր խօսքով՝ բարեփոխումներու նկատմամբ միշտ կարեւորութիւն ընծայուած է ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան ժամանակաշրջանին։ Արտաքին գործոց նախարար կանգ առաւ նաեւ գաղթականներու հարցի պարագային Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան համագործակցութեան խնդրին վրայ։ Մասնաւորապէս ան խօսեցաւ Սուրիայէն Թուրքիա հաստատուած գաղթականներուն ի նպաստ Եւրոմիութեան կողմէ նախատեսուած ելմտական օժանդակութեան խնդրին վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Եւրոմիութիւնը նախատեսած է 3+3 միլիառ եւրօ արժողութեամբ օժանդակութիւն մը կատարել Թուրքիոյ՝ զօրակցելու համար սուրիացի գաղթականներու խնդիրներու յաղթահարման։ Նախարար Չավուշօղլու նշեց, որ այդ զօրակցութեան գումարներու փոխանցման արագացումը անհրաժեշտ է։ Միւս կողմէ, կամաւոր տեղակայումն ալ պէտք է սկսի։ Ուստի, Չավուշօղլուի խօսքով, այս նիւթին վերաբերեալ քայլերը երկու կողմերու տեսակէտէ ալ շատ աւելի դրական մթնոլորտ մը պիտի ձեւաւորեն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 1, 2018