ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւնները կը շարունակեն միջազգային բեմահարթակի վրայ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան եւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս երէկ Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի համար զօրակցութիւն յայտնեցին եւ զուգահեռաբար ընդգծեցին Թուրքիոյ հետ շինիչ երկխօսութեան մը ցանկութիւնը։

Երկու նախարարները երէկ Փարիզի մէջ մասնակցեցան Եւրոպայէ ներս պաշտօնավարող ֆրանսացի դեսպաններու հաւաքին։ Լը Տրիան այս առթիւ նշեց, որ Թուրքիա արեւելեան Միջերկրականի մէջ ոտնձգութիւն կը կատարէ Եւրոմիութեան անդամ երկրի մը ջրային տարածքին դէմ։ Ֆրանսացի նախարարի խօսքով՝ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է երկխօսութեան։ Եթէ անհրաժեշտ ըլլար խիստ պախարակում մը եւ կամ Թուրքիոյ դէմ նախազգուշական միջոցներու ձեռք առնուիլը, ապա Եւրոմիութիւնը կ՚ընէր այդ բանը։

Իր կարգին, Հէյքօ Մաասն ալ դիտել տուաւ, որ ԵՄ-ի երկիրները պիտի պաշտպանեն Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի ինքնիշխանութիւնը։ Գերմանացի նախարարը նշեց, որ իրենք կը խրախուսեն ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի երկխօսութիւնը։ «Մեր կարելին պիտի ընենք, որպէսզի մինչեւ 24 սեպտեմբեր լարուածութիւնը նուազի», ըսաւ ան։ Ծանօթ է, որ սեպտեմբերի 24-ին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է ԵՄ-ի գագաթաժողովը։

Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ վերջին շրջանին զգալի դարձած է մօտեցումներու տարբերութիւն, ինչ որ նախագահ Մաքրոնի եւ վարչապետ Մերքեէլի վերջին հանդիպման ժամանակ դարձած էր հրապարակային։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2020