ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ-AGBU) այս շրջանին հետամուտ եղած է հետաքրքրական ծրագրի մը՝ «Creative Armenia»ի հետ։ Այս երկու կառոյցները կը նախաձեռնեն «Creative Armenia-AGBU Fellowship» նախագծին, որու պարագային ներկայիս արդէն սկսած են դիմումներ ընդունուիլ 2021 թուականի համար։ «Նորարար արուեստներու ուղին՝ դէպի Հայաստանի մշակութային ապագայի առաջնագիծ» կարգախօսով յառաջ կը տարուի այս նոր նախաձեռնութիւնը, որ բաց է շարժանկարի բեմադրիչներու, երաժիշտներու, գրողներու եւ բոլոր ոլորտի արուեստագէտներու համար։ Այս նախագիծը աջակցութեան ամբողջական թղթածրար մըն է՝ գանձատրման, յառաջխաղացման եւ ռազմավարական աջակցութեան համար։ Դիմումներու համար վերջնաժամկէտը պիտի ըլլայ յառաջիկայ 31 հոկտեմբերը։

«Տագնապի պայմաններու ներքեւ ստեղծարար մտածողութիւնը անտեսել անհնար կը դառնայ», ըսաւ այս առթիւ «Creative Armenia»ի  հիմնադիր փոխ-տնօրէն Ալեք Մուհիպեան։ Նպաստընկալներու նոր սերունդը եզակի հնարաւորութիւն պիտի ունենայ՝ ձեւաւորելու համար Հայաստանի յառաջիկայ տարիներու ստեղծարար շերտը։

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամուհիներէն Անի Մանուկեան այս առթիւ ըսաւ. «Մեր կրթաթոշակառուները վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին իրենց ստեղծագործութեան եւ ինքնադրսեւորման մէջ ցոյց տուած են բազմազանութիւն՝ հայկական մշակոյթը եզակիօրէն քարտէսի վրայ դնելով։ Մենք հպարտ ենք այս գործընկերութեան ձեռքբերումներով եւ այն տաղանդաւոր արուեստագէտներով, որոնց աջակցած ենք։ Անհամբերութեամբ կը սպասենք, որպէսզի երրորդ արուեստագէտներու խումբը սանդղակը աւելի բարձրացնէ»։

2018 թուականի մայիսէն ի վեր ընթացքի մէջ է այս ծրագիրը, որ ներկայիս կը վերարժեւորուի ու կը վերաիմաստաւորուի համաճարակի պայմաններուն ներքեւ։ ՀԲԸՄ եւ «Creative Armenia» արդիւնաւէտ համագործակցութիւն մը կը ծաւալեն այս ծիրին մէջ։ Անոնց համագործակութիւնը կը համարուի ռազմավարական։ «Creative Armenia» հայ ժողովուրդի համար ստեղծուած մշակութային հիմնադրամ մըն է, որ կը յայտնաբերէ նորարար արուեստի զանազան ճիւղերու արուեստագէտներ՝ խթանելով անոնց զարգացումը։ ՀԲԸՄ, որ սփիւռքահայութեան վստահութիւնը կը վայելէ, տասնամեակներէ ի վեր հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ հայ արուեստագէտներու համար՝ տրամադրելով կատարողական արուեստի համալսարանական կրթաթոշակներ, ամառնային աշխատափորձեր եւ մասնագիտական նախագծեր։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2020