ՆՈՐ ԿՈՐԾԱՆԻՉՆԵՐ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան յայտարարեց, որ ներկայիս բանակցութիւններ կը վարուին՝ Հայկական զինեալ ուժերու համար «SU-30SM» ռազմաօդանաւերու նոր խմբաքանակ մը ձեռք բերելու նպատակով։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Դաւիթ Տօնոյեան յայտնեց, որ ներկայիս Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ նկատելի է շատ մեծ թափ մը։ Որոշ ոլորտներու մէջ սա աննախընթաց է՝ մանաւանդ ռազմաօդային զօրքերու պարագային։ Վերջին տարիներուն մասնաւորապէս հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներու տեսակէտէ հայ-ռուսական համագործակցութիւնը մեծ վերելք կ՚ապրի։ Կողմերու միջեւ ստորագրուած են շարք մը պայմանագրեր, որոնք կը նախատեսեն նաեւ ռազմաօդանաւերու արդիականացումը եւ վերանորոգումը։ Ռազմաարդիւնաբերութեան ոլորտէ ներս բաւական հետաքրքրական լուծումներ գտնուած են, ինչ որ կը ներշնչէ նաեւ մասնաւոր կազմակերպութիւնները։ Հաւանական է համատեղ ձեռնարկութիւններու ստեղծումը ռազմաարդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ։ Դաւիթ Տօնոյեան ընդգծեց, որ այս ամբողջին մէջ կը նախատեսուի նոր խմբաքանակի կործանիչներու ձեռքբերումը։

Հարկ է նշել, որ վերջին շրջանին Պաքու յաճախ անհանգստութիւն կը յայտնէ Մոսկուայի կողմէ Երեւանին տրամադրուած զինամթերքին բերումով։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու այս հարցին անդրադարձաւ Ատրպէյճան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին։ Ան հաւաստիացուցած է, որ Կիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանէ ներս ձեռնարկուած շինարարութիւններուն համար կատարուած են վերջին առաքումները։ Շաբաթներ առաջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ զրուցելու ժամանակ դժգոհած էր, թէ անցեալ ամսուան սահմանային մարտերէն յետոյ 400 թոն ռազմամթերք ուղարկուած էր Հայաստան։

Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան վերջերս Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ «Բանակ-2020» միջազգային ռազմաթեքնիկ համաժողովին, որ կազմակերպուած էր «Փաթրիոթ» համագումարներու եւ ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ։ Այդ համաժողովի շրջանակներէն ներս եւս կնքուած է ռազմաարդիւնաբերական բնագաւառի վերաբերեալ համաձայնագիր մը։

ՊԱՔՈՒԷՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Այս բոլորէն վերջ Ատրպէյճան վերջին օրերուն կրկին պաշտօնապէս մտահոգութիւն յայտնեց Ռուսաստանէն Հայաստան մատակարարուած զինամթերքին առընչութեամբ։ «Մենք տակաւին սպառիչ պատասխան չենք ստացած ռուսական կողմէն։ Մենք բացատրութիւններ կ՚ակնկալենք, թէ ինչու Ռուսաստան կը շարունակէ խտացեալ ձեւով զինել Հայաստանը», յայտնեց Ալիեւի օգնականներէն Հիքմէթ Հաճիեւ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2020