ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔՄԱՆ ԱՐՇԱՒ

Լիբանանահայութեան հրատապ կարիքները կը շարունակեն հայաշխարհէ ներս անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Ամէնուրեք մեծ կամ փոքր քայլեր կ՚առնուին՝ այդ կարիքներու դիմագրաւման նպաստելու համար։ Վերջին օրերուն Լոս Անճելըսի մէջ ալ կազմակերպուեցաւ հանգանակութիւն մը՝ լիբանանահայութեան վերականգնումին համար։ Նուիրահաւաքման այս արշաւի արդիւնքով շուրջ 1.4 միլիոն ամերիկեան տոլար հաւաքուեցաւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս մասին Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին կողմէ կատարուած հաղորդումները։

Լիբանանահայութեան վերականգնումին զօրակցելու համահայկական նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ափի Համահայկական խորհուրդը, շարունակելով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք սկսած հանգանակային իր աշխատանքները՝ իրականացուց նաեւ պատկերասփիւռային հանգանակութիւն մը՝ Թելեթոն, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 30 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 5-8.30 եւ ուղղակի սփռուեցաւ հայկական ARTN, Horizon, Pan Armenian TV եւ US Armenia պատկերասփիւռի կայաններէն, ինչպէս նաեւ առցանց՝ «Ասպարէզ» օրաթերթի եւ «Հայ Էյտ Լիբանան»ի «ֆէյսպուք»ի էջերուն վրայ:

«Մէկ ազգ, մէկ ապագայ» նշանաբանին տակ, երեկոյեան ժամը 5-ին սկսած թելեթոնը բացառիկ յաջողութեամբ պսակուեցաւ, երբ մեր համայնքին հաւաքական ճիգերով կարելի եղաւ գոյացնել 1.375.555 տոլարի պատկառելի գումար մը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ափի Համահայկական խորհուրդին ներքեւ գործող 40 կազմակերպութիւնները եւ մեր համայնքի զաւակները սրտաբուխ նուիրատուութիւններով օժանդակութեան ձեռք երկարեցին լիբանանահայութեան՝ որպէսզի կարենայ յաղթահարել տնտեսական, առողջապահական եւ հոգեկան ծանր տագնապները ու կարելի եղածին չափ արագ ժամանակամիջոցի մը մէջ վերականգնել սփիւռքի ծաղկուն եւ կարեւոր գաղութներէն՝ Լիբանանի հայաշունչ օրրանը։

Թելեթոնի բացման սրտառուչ խօսքով հանդէս եկաւ Արամ Ա. Վեհափառը, որ իր երախտագիտական խօսքը ուղղելով մեր համայնքին՝ մեծապէս դրուատեց մեր կազմակերպութիւններուն եւ զաւակներուն անդուլ աշխատանքը՝ Լիբանանի հայութեան օգնութեան համազգային գործին մէջ, նոյն ժամանակ ներկայացնելով բոլոր մարտահրաւէրները, զորս լիբանանահայութիւնը կը դիմագրաւէ այս օրերուն:

Երեքուկէս ժամ տեւած թելեթոնին ընթացքին, «Հորիզոն»ի խօսնակ Վրոյր Թադէոսեան, «US Armenia»ի խօսնակ Արմինէ Ամիրեան, «ARTN»ի խօսնակ Վարդիթեր Գրիգորեան, «PanArmenian TV»ի խօսնակ Մհեր Պաղտասարեան, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Արմէն Սահակեան մանրամասնօրէն ներկայացուցին լիբանանահայութեան ապրած տագնապի զանազան երեսակները եւ ծալքերը:

Ուշագրաւ էր յատկապէս Լիբանանէն ներկայացուած տեղւոյն գաղութի պատասխանատուներուն եւ նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուածներու ընտանիքներուն հետ կատարուած հարցազրոյցները եւ գաղութի վերականգնման աշխատանքներուն մասին թղթակցութիւնները, զորս ձեռնհասօրէն պատրաստուած էին Լորիկ Սապունճեանի, Նժդեհ Մկրտիչեանի եւ Սեւակ Շահպազեանի կողմէ:

Անձնական կեանքի յատուկ փորձառութիւններու վկայութիւններով հարստացած տեսանիւթերու լիբանանեան դրուագները ներկայացուց Շողեր Մկրտիչեան:

Թելեթոնին ամբողջ տեւողութեան, կամաւորներու խումբը լծուած էր անդուլ աշխատանքի՝ 5-էն տասնեակ հազարաւոր տոլարի հասնող նուիրատուութիւնները արձանագրելու համար:

Թելեթոնին ընթացքին սրտառուչ պատգամներով ելոյթ ունեցան նաեւ Համահայկական խորհուրդի անդամ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Արտայայտուեցան նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Արեւմտեան Ամերիկայի անթիլիասական առաջնորդ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Միքայէլ Եպսկ. Մուրատեան:

Թելեթոնի աւարտին, առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան անակնկալ յայտարարութիւն մը կատարելով՝ տեղեկացուց 250 հազար տոլարի նուիրատուութեան մը մասին, իր ինքնութիւնը յայտնել չուզող հաստատութեան մը կողմէ:

Ուշագրաւ մէկ այլ երեւոյթ էր ամերիկահայ յայտնի համայնքային գործիչ Կարօ Էշկիեանի 150 հազար տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւնը: Յուզիչ էր Էշկիեանի ելոյթը այս առիթով. զսպելով իր յուզումը՝ Էշկիեան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ անցուցած իր պատանեկան եւ երիտասարդական տարիներուն եւ յատկապէս այդ գաղութին ունեցած ազդեցութեան՝ իր հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային գործիչի կազմաւորման մէջ: Յիշատակութեան արժանի է նաեւ այն, որ Կարոյին տիկինը՝ Սօսէն, նոյնպէս մասնակից էր թելեթոնին՝ աշխատելով նուիրատուութիւնները արձանագրող կամաւորներու խումբին հետ:

Իրենց մասնակցութիւնը բերին համայնքի երկար տարիներու այլ բարերարներ եւս, որոնց կարգին Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեանները, որոնք նուիրեցին 100 հազար տոլար, Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները՝ 30 հազար տոլար, ու «Սուփըր քինկ մարքեթ»ի սեփականատէր Ֆերմանեան ընտանիքը՝ 25 հազար տոլար («Հայ Էյտ Լիբանան» կազմակերպութիւնը նուիրատուներու ամբողջական ցանկը պիտի հրապարակէ յետագային):

Նշենք, որ թելեթոնի աւարտէն ետք, նուիրատուութիւնները կանգ չառին. կամաւորները մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը պատասխանեցին հեռաձայններու:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2020