1587 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ ամենաբարձր թիւով քննութիւն։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, երէկ կատարուեցաւ 110 հազար 102 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1587 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 44 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 1087։ Ներկայ դրութեամբ 961 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ կորուստներու պատճառած ցաւը կարելի չէ բացատրել բառերով կամ թիւերով։ «Մեր ուժը նախազգուշական միջոցներուն մէջ է։ Մեր ուժը բաւարար է նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնելու եւ մեր սիրելիները պահպանելու համար», ըսաւ Ֆահրետտին Քոճա։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2020