80-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Հայ արդի գրականութեան յայտնի անուններէն բանաստեղծ Հենրիկ Էդոյեան արդէն 80 տարեկան է, գրականագէտ, բանասէր, փրոֆ. Հենրիկ Էդոյեան շնորհաւորական մը ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանէն իր 80-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ «Ժամանակի եւ իրականութեան ինքնատիպ ընկալումը ձեր մտածողութեան եւ ստեղծագործութեան առանցքն են։ Շնորհիւ անոնց, գրական ու գրականագիտական ձեր հետքը աչքի կը զարնէ իւրօրինակութեամբ։ Ան մնայուն է արդէն քանի մը տասնամեակէ ի վեր՝ որպէս բանաստեղծութեան յաւերժի եւ գեղեցիկի մասին, որպէս գիտամանկավարժական բեղմնաւոր գործունէութիւն», նշուած է Արմէն Սարգսեանի շնորհաւորականին մէջ՝ առողջութեան եւ ստեղծագործական եռանդի մաղթանքներով։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2020