ՎԵՐԱՊԱՀ ՍՊԱՍՈՒՄ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս կոչ ուղղեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն՝ որպէսզի վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ քայլերու ձեռնարկեն։ Ընդհանուր քարտուղարը ողջունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման ծիրէն ներս, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ։ Կութերէսի բանբերին կողմէ այս կապակցութեամբ կատարուեցաւ պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որու մէջ նշուած է, թէ ընդհանուր քարտուղարը կը բաժնէ համանախագահներու մտահոգութիւնը՝ շփման գծի եւ Ատրպէյճանի սահմանի երկայնքով դէպքերու եւ վերջին յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ։ Անթոնիօ Կութերէս վերահաստատեց ՄԱԿ-ի լիակատար աջակցութիւնը համանախագահներու կարեւոր միջնորդական ջանքերուն ի նպաստ։ Ան կոչ ուղղեց հակամարտ կողմերուն՝ որպէսզի վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկեն։ Ընդհանուր քարտուղարը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար անհրաժեշտ կը նկատէ քաղաքական կամքի ուժեղացումը։

Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ շաբաթավերջին Տուշանպէի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։ Թէ՛ Երեւանէն եւ թէ Պաքուէն յայտարարուած էր, որ երկու ղեկավարներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է՝ սահմանի վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ այս նիւթին։ Ան յայտնեց, որ Հայաստանի զինեալ ուժերը հարիւր տոկոսով կը պահպանեն շփման գծի վրայ լարուածութեան նուազեցման ուղղեալ՝ Տուշանպէի մէջ իր եւ Ալիեւի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան։ Բայց եւ այնպէս, Փաշինեան աւելցուց, որ վստահ չէ, թէ Ալիեւ նոյնպէս կը պահպանէ այդ համաձայնութիւնը։ Վարչապետը շարունակեց.

«Ի հարկէ, վստահ չեմ, բայց խնդիրը այն է, որ նոյնիսկ այդ պարագային ես շատ կարեւոր կը համարեմ այդ համաձայնութիւնները։ Կարեւոր է ընդհանրապէս այդ շփումը, զոր մենք պայմանաւորուեցանք հաստատել։ Վաղը նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն պաշտօնապէս կը տեղեկացնենք, որ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան միջեւ մշտական կապ հաստատելու համար՝ որպէսզի մենք կարենանք իրավիճակը աւելի գործնական վերահսկել։ Առայժմ պարզ չէ, թէ թեքնիկապէս ինչպէս պիտի իրականացուի։ Ես առաջարկած եմ՝ այդ կապը այնպէս մը ընել, որ պայմանականօրէն ըսուած՝ կէս ժամուայ ընթացքին հնարաւոր ըլլայ տեղեկատուութիւնը տեղ հասցնել։ Մեր զինեալ ուժերը հարիւր տոկոսով կը պահեն պայմանաւորուածութիւնը։ Յոյս ունիմ, թէ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը նոյնպէս կու գան պայմանաւորուածութեան լիարժէք դաշտը։ Այս պայմանաւորուածութեան մասին անմիջապէս տեղեկացուցած եմ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին։ Ան ըսած է, որ պայմանաւորուածութիւնը լիարժէք ընդունելի է նաեւ իրենց համար»։

Ըստ Փաշինեանի, Ալիեւի հետ քննարկած են նաեւ խաղաղ կարգաւորման գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղի վերադարձի հարցը։ «Մեր տեսակէտները այս հարցին շուրջ տարբեր են», ըսաւ Փաշինեան։

Հայաստանի վարչապետը նկատեց, որ Իլհամ Ալիեւ իր վրայ թողած է դրական, կրթուած մարդու տպաւորութիւն։

Մինչ այդ, Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը կ՚ողջունէ Փաշինեանի եւ Ալիեւի համաձայնութիւնը՝ շփման գծին վրայ լարուածութիւնը թուլացնելու վերաբերեալ։ «Եթէ քաղաքական գնահատական տանք, հետաքրքրական եւ ողջունելի զարգացում մըն է։ Շատ կարեւոր են այն կէտերը, որոնց շուրջ համաձայնած եմ։ Սակայն այստեղ կայ վերապահութիւն, թէ Ալիեւին ու առհասարակ ատրպէյճանական ղեկավարութեան ամբողջապէս վստահիլը ճիշդ չէ, որովհետեւ ամենանենգ ձեւով, ամենաանյարմար պահուն ան կրնայ որեւէ պայմանաւորուածութիւն խախտել, ինչ որ ցոյց տուած է գործնականութիւնը։ Այնուամենայնիւ, յուսանք, թէ այս անգամ դրական ազդեցութիւն մը կը թողու այս պայմանաւորուածութիւնը», յայտնեց Դաւիթ Պապայեան եւ աւելցուց, որ կարճ ժամանակի ընթացքին պէտք չէ որեւէ փոփոխութիւն ակնկալել։ Պէտք է սպասել։ Այս համաձայնութիւնը պէտք չէ դիտարկել երկու ժամուայ եւ կամ մէկ-երկու օրուայ կտրուածքով, այլեւ երկարաժամկէտ։

Դաւիթ Պապայեանի խօսքով՝ Ալիեւի տուած համաձայնութիւնը կրնայ կախում ունենալ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան դէմ զանազան ատեաններու ճնշումներէն։ «Հետաքրքրական է, որ համաձայնութենէն առաջ համանախագահները շատ խիստ յայտարարութիւն մը կատարեցին։ Ի հարկէ, այդ մէկը առաջին հերթին ուղղուած էր Ատրպէյճանին, որովհետեւ ան է, որ կը խախտէ հրադադարը։ Հետաքրքրական զուգադիպութիւն է, որ Ռուսաստանի նախագահը ձեւական առումով ծանօթացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները։ Հաշուի առնելով, որ Ռուսաստան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն մին է՝ չի բացառուիր, որ Ալիեւ շատ առանձնայատուկ դրութեան մը մէջ ինկած է, բաւական մեծ ճնշում մը կայ իր վրայ եւ պատեհ առիթ գտած է ու ծանօթացած Հայաստանի նոր ղեկավարին եւ ինքզինքը ցոյց տուած՝ որպէս շինիչ կողմ», ըսաւ Պապայեան։

Միւս կողմէ, ռուսական «Քոմերսանտ» հեղինակաւոր թերթն ալ անդրադարձաւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ ԱՊՀ-ի գագաթաժողովի ընթացքին տեղի ունեցած կարճ զրոյցին՝ անոր վերագրելով կարեւորութիւն։ Սա եղած է Տուշանպէի գագաթաժողովի ամենակարեւոր իրադարձութիւնը։

«Քոմերսանտ»ի թղթակից Անտրէյ Քոլեսնիքով այս կապակցութեամբ գրած է հետեւեալը.

«ԱՊՀ-ի երկիրներու ղեկավարները կ՚երթային լուսանկարուելու։ Առջեւը Ռուսաստանի, Տաճիկիստանի եւ Ղազախիստանի նախագահներն էին։ Անոնց կը հետեւէր Հայաստանի վարչապետը։ Այդ ընթացքին Իլհամ Ալիեւ քալելով հասաւ Նիկոլ Փաշինեանին ու սկսաւ զրուցել անոր հետ՝ ոչ այն պատճառով, որ պարզապէս կողք կողքի լուռ քալելը անյարմար էր, այլեւ այն պատճառով, որ Իլհամ Ալիեւ ըսելու, իսկ Փաշինեան լսելու բան ունէր։ Փաշինեան եւ Ալիեւ այնքան խօսելէ տարուած էին, որ արարողութեան ժամանակ այբբենական կարգով կողք կողքի կանգնելէ վերջ ալ շարունակեցին զրուցել։ Այդ քանի մը վայրկեանի ընթացքին կարելի էր աւելի շատ բանի մասին համաձայնիլ, քան մէկուկէս ժամուան երկկողմանի պաշտօնական հանդիպման մը ժամանակ, ի դէպ, այժմ, գուցէ, այդ մէկն ալ սարերու ետեւը չէ»։

Ռուսական թերթի թղթակիցը անդրադարձած է նաեւ գագաթաժողովէն վերջ Փութինի եւ Փաշինեանի հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ Փաշինեանի նախաձեռնութեամբ։ 5-6 րոպէ տեւած առանձնազրոյցին ընթացքին Փութին զրուցակցին բաղդատմամբ աւելի տարուած կ՚երեւար խօսակցութեան։ «Տեսնենք ի՞նչ կ՚ըլլայ յետոյ», գրած էր Քոլեսնիքով։

Տուշանպէէ վերադարձին Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ խօսեցաւ նաեւ Փութինի Հայաստան հաւանական այցելութեան շուրջ, որ միջոցէ մը ի վեր կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Հայաստանի վարչապետը համոզուած է, թէ 2019-ի սկիզբը այդ այցելութեան համար լաւագոյն ժամկէտը կը համարուի ու մինչ այդ կարելի կրնայ ըլլալ պատրաստել ստորագրուելիք փաստաթուղթը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2018