ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԵԱՏՄ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ

Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովը։ Անդամ երկիրներու ղեկավարները արդէն ժամանած են Հայաստան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուին երկրի ղեկավարութեան կողմէ։ Մինչ այդ, ԵԱՏՄ-ի հետ գործակցութեան ձգտում ունեցող գործընկեր երկիրներու ղեկավարներն ալ գագաթաժողովին առթիւ կ՚այցելեն Երեւան։ Այս ծիրին մէջ Սինկափուրի վարչապետը արդէն քանի մը օրէ ի վեր կը գտնուի Հայաստան։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն Երեւան հասաւ նաեւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի։ Այս վերջինը ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան հայ-իրանական օրակարգի եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վերաբերեալ զանազան հարցերուն շուրջ։ Արմէն Սարգսեան եւ Հասան Ռուհանի ընդգծեցին, որ Հայաստանի եւ Իրանի համագործակցութիւնը ունի շատ աւելի մեծ ներուժ մը։

Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովին մասնակցելու համար այսօր Երեւան կը հասնի նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2019