ՄԱՀ՝ ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾ ԱՐԹՕ ՉԱՔՄԱՔՃԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեծանուն արուեստագէտ Արթօ Չաքմաքճեան Գանատայի մէջ կնքած է իր մահկանացուն։ Յառաջացած տարիքի մէջ աշխարհահռչակ քանդակագործը հեռացած է աշխարհէն։ Արթօ Չաքմաքճեան հայկական սփիւռքի ամենավառ դէմքերէն մին էր եւ իր սերունդի ամենաուրոյն ներկայացուցիչներէն մին։ Իր ստեղծագործութիւնները աշխարհի առաջատար թանգարաններուն եւ հաւաքածոներուն մէջ տեղ գտած են։ Արթօ Չաքմաքճեանի մահը համատարած ցաւ ստեղծած է ամբողջ հայաշխարհէն, նաեւ գեղարուեստական աշխարհէն ներս։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2019