ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՌՈՒՀԱՆԻԻ ԵՒ ՄԻՇԵԼԻ ՀԵՏ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի լայնածաւալ բախումներու մթնոլորտին մէջ երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցի ընթացքին Հասան Ռուհանի մտահոգութիւն յայտնեց Իրանի հարեւան երկու պետութիւններու միջեւ ստեղծուած առկայ լարուածութեան եւ ծագած ռազմական գործողութիւններու մասին։ Փաշինեան անդրադարձաւ տարածքաշրջանի իրավիճակին եւ Ռուհանիի նկատառման յանձնեց, որ Թուրքիա անմիջականօրէն ներգրաւուած է ռազմական գործողութիւններուն։ Ան այս կապակցութեամբ նաեւ որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուց։

Փաշինեան-Ռուհանի հեռախօսացրոյցէն վերջ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիփզատէ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան յայտնեց, որ Իրան որեւէ պարագայով թոյլ չի տար, որպէսզի ահաբեկիչները տեղակայուին իր հիւսիսային սահմանի յարակից տարածքներէն ներս։ Ըստ իրեն, բախումներու Կովկաս տեղափոխումը շատ աւելի մեծ աղէտի մը տեղի կրնայ տալ տարածքաշրջանի տեսակէտէ՝ քան ղարաբաղեան հակամարտութիւնը։ Երէկուան այս արձագանգներէն վերջ այս առաւօտ ալ տեղի ունեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները «Լելէ թեփէ» կոչուած տարածքէն ներս խոցեցին Ատրպէյճանի մարտական ուղղաթիռ մը, որ ինկաւ Իրանի տարածքը։

Վարչապետը Շարլ Միշելի հետ զրուցելու ընթացքին ալ մատնանշեց նման հանգամանքներ։

Երէկ Երեւանի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ արտակարգ ժողով մըն ալ գումարեց Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը։ Նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան։ Ժողովականները աչքէ անցուցին այժմու գործնական իրավիճակը եւ յառաջիկայ անհրաժեշտութիւնները։ Բաց աստի, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ օրուան տեւողութեան այցելեց Ստեփանակերտ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։

Հայկական դիւանագիտութիւնը առկայ ծանր իրավիճակին մէջ բազմակողմանի ջանքեր կը գործադրէ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այս մթնոլորտին մէջ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մնացականեան համապարփակ ներկայացուց Արցախի շփման գծի երկայնքով Ատրպէյճանի բռնութեան հետեւանքով ստեղծուած իրադրութեան վերջին կացութիւնը։ Մնացականեան մատնանշեց Թուրքիոյ անմիջական ռազմաքաղաքական եւ ռազմաթեքնիկ ներգրաւուածութիւնը՝ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած մարտական գործողութիւններուն մէջ թէ՛ շփման գծի երկայնքով եւ թէ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ։

Լաւրովի առընթեր Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարին հետ։ Իսկ Լաւրով Մնացականեանի առընթեր երէկ զրուցեց նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այս շփումներու լոյսին տակ Լաւրով յայտնեց, որ Մոսկուա պատրաստ է հարթակ տրամադրել՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ հանդիպման մը կազմակերպման համար։ Ըստ Լաւրովի, ռուսական կողմը լուրջ անհանգստութիւն յայտնած է առկայ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով։ Կոչ ուղղուած է անյապաղ դադրեցնել կրակը, լարուածութիւնը նուազեցնել եւ կանխել սադրիչ ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը։ Ընդգծուեցաւ կողմերու՝ շուտով բանակցային սեղանի շուրջ վերադարձի անհրաժեշտութիւնը։ Ռուսաստան պիտի շարունակէ թէ՛ իր սեփական կարողութեամբ եւ թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միւս համանախագահ երկիրներուն հետ գործադրել միջնորդական ջանքեր՝ ուղղուած քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով հակամարտութեան կարգաւորման պայմաններու ստեղծման։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ կրկնեց, որ Ռուսաստան առաջին իսկ վայրկեաններէն սկսեալ աշխատանք կը տանի, կապի մէջ է այս կամ այն ձեւով հարցին ներգրաւուած բոլոր կողմերուն հետ։ Ըստ իրեն, խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։ Զախարովա օր մը առաջ ալ նշած էր, որ կան հակամարտութեան կարգաւորման դրութիւններ եւ Մոսկուա ունի աշխոյժ դեր։ Ռուս բանբերը յստակեցումներ կատարեց նաեւ նախընթաց օրուայ այն լուրերուն շուրջ, ըստ որոնց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս հանդիպումներ տեղի ունեցած էին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Մոսկուայի դեսպաններուն մասնակցութեամբ։ Զախարովա երէկ պարզաբանեց, որ այդ հանդիպումներէն որեւէ մէկուն ընթացքին հայ եւ ռուս դեսպանները միասին չեն եղած, ռուսական կողմը անոնց հետ շփումները յառաջ տարած է առանձին։

Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովն ալ երէկ հերթական անգամ խօսեցաւ Արցախի լայնածաւալ պատերազմի ընթացքին շուրջ։ Ըստ իրեն, Ռուսաստան հաւանութիւն չի տար Թուրքիոյ այն յայտարարութեան, որով աջակցութիւն կը յայտնուի Ատրպէյճանին։ Փեսքովի արտայայտութիւններուն առընթեր, Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդն ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի երրորդ երկիրները չմիջամտեն ղարաբաղեան հակամարտութեան։

Ի լրումն այս բոլորին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ երէկ կատարուեցաւ նաեւ այլ յայտարարութիւն մը, որով կոչ ուղղուեցաւ հակամարտութեան գօտիէն անյապաղ դուրս բերել վարձկաններն ու ահաբեկիչները։ Ռուսական կողմի այս յայտարարութիւնը կը բիւրեղանայ միջազգային լրասփիւռներու մօտ շրջանառութեան մէջ մտած զանազան լուրերու համայնապատկերին վրայ։ Արդարեւ, հաղորդումներուն մէջ կը նշուի, որ Սուրիայէն եւ Լիպիայէն զինեալներ տեղափոխուած են՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս մարտական գործողութիւններու անմիջական մասնակցութեան համար։ Ռուսական կողմը խորապէս մտահոգուած է այս բոլորով եւ կոչ ուղղած է շահագրգիռ պետութիւններու ղեկավարներուն՝ գործօն միջոցներ ձեռնարկել հակամարտութեան մէջ օտարերկրեայ ահաբեկիչներու եւ վարձկաններու օգտագործումը չարտօնելու եւ տարածքաշրջանէ անոնց անյապաղ դուրս բերուիլը ապահովելու ուղղութեամբ։

Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ յայտնեց, որ հայկական դիւանագիտութիւնը վերջապէս խոշոր յաղթանակ մը տարած է։ Արդարեւ, միջազգային հանրութիւնը արձանագրած է, որ Ատրպէյճան կը կռուի վարձկան ահաբեկիչներու օգնութեամբ։

Մինչ թրքական կողմը կը հերքէ տարածքաշրջան վարձկաններ տեղափոխած ըլլալու վերաբերեալ լուրերը, հայկական կողմն ալ նոյնպէս կը հերքէ այն փոխադարձ պնդումները, ըստ որոնց իր զօրքերու շարքին կը կռուին Մերձաւոր Արեւելքէն տեղափոխուած ահաբեկիչներ։

Հայկական կողմի երէկուան դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները ուղղուած էին նաեւ արաբական աշխարհին։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Քաթարի էմիրին հետ, նամակներ ուղարկեց նաեւ արաբական աշխարհի յառաջատար ղեկավարներուն՝ Արցախի առկայ իրադրութեան շուրջ։ Այսպէս, Արմէն Սարգսեանի նամակները հասցէագրուած էին՝ Եգիպտոսի նախագահին, Յորդանանի թագաւորին, Օմանի սուլթանին, Պահրէյնի թագաւորին, Ապու Տապիի թագաժառանգին, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին ու թագաժառանգին։

BBC-ի հաղորդումներով, ըստ որոշ մեկնաբանութիւններու, արաբական շրջանակներէն ներս լայն արձագանգ ստեղծած է վարձկաններու խնդիրը։ Արմէն Սարգսեան վերոյիշեալ նամակները գրելու զուգահեռ՝ հարցազրոյց մըն ալ տուաւ «Էլ Արապիա» արաբական հեռուստակայանին։ Բաց աստի, իր յայտարարութիւններուն արձագանգ հանդիսացաւ նաեւ  CNBC հեռուստակայանը։ «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է հասկնայ, որ եթէ հիմա չմիջամտեն, ապա Կովկասը պիտի դառնայ մէկ այլ մեծ խնդիր իրեն համար։ Կը պատկերացնէ՞ք, որ Կովկասը դառնայ այլ Սուրիա մը», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Հարաւային Կովկասի երկիրներէն Վրաստանն ալ մտահոգութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Երէկ, Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Կախարիա յայտնեց. «Տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատումը մեր ընդհանուր շահն է»։ Միեւնոյն ժամանակ ան առաջարկեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութիւն մը սկսի Թիֆլիզի մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2020