ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԾԱՒԱԼՆԵՐ

Հայաստանի կառավարութիւնը երէկ հաստատեց 2022 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծը, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի քննարկուի Ազգային ժողովի երդիքին տակ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ կառավարութեան երէկուան ժողովը, որու ընթացքին ընդունուեցաւ պիւտճէի նախագիծը։ Այս առթիւ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին ընդգծեց. «Մենք շրջադարձային փուլի մէջ կը գտնուինք ու մեր ամէնօրեայ աշխատանքի որակը ճակատագրական նշանակութիւն պիտի ունենայ մեր երկրի ապագային համար»։

Հայաստանի 2022 թուականի պետական պիւտճէն, ըստ վարչապետի, ունի հիմնական երեք առաջնահերթութիւն. անվտանգութեան համակարգի բարեփոխում, ենթակառուցուածքներու զարգացում եւ կրթութեան ու գիտութեան բնագաւառը։ Նիկոլ Փաշինեան ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ 2022 թուականի յունուարէն սկսեալ երրորդ կամ աւելի նոր ծնելիք երեխայի պարագային կառավարութիւնը աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ՝ մինչեւ, որ ան դառնայ վեց տարեկան։ Աջակցութիւնը պիտի կազմէ ամսական 50 հազար դրամ։ Հաշուի առնելով, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդագրական պատկերը բացարձակապէս փայլուն չէ՝ ծնելիութեան խրախուսման ուղղեալ այս քայլերը կը ներկայացնեն հեռանկարային կարեւորութիւն։

Անդրադառնալով ներդրումներուն՝ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ համապատասխան օրէնսդրական փոփոխութիւններ կը նախատեսուին։ Իր խօսքով, երկրէն ներս պետական գնումներու գործընթացները, մրցոյթները տեղի կ՚ունենան հնարաւորինս թափանցիկ, արդար ու ազնիւ։

«Մենք շրջադարձային փուլի մէջ ենք եւ մեր ամէնօրեայ աշխատանքի որակը բոլոր ոլորտներէ ներս՝ սկսած արտաքին քաղաքականութենէն, վերջացուցած գիւղատնտեսութիւնով, ճակատագրական նշանակութիւն պիտի ունենան մեր երկրի ապագային համար։ Երբեմն կը փորձուի տպաւորութիւն ստեղծել, թէ կառավարութիւնը ամենեւին չի փափաքիր առերեսուիլ մարտահրաւէրներուն։ Ընդհակառակն, մեր նպատակն է առերեսուիլ անոնց, զբաղիլ անոնց լուծումով՝ նպատակ ունենալով Հայաստանի եւ տարածքաշրջանի համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան բանալը», ըսաւ Փաշինեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետը ընդգծեց, որ նոր պիւտճէին մէջ կառավարութեան կողմէ նախատեսուած հիմնական ներդրումներու ծաւալը աննախընթաց է։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2021