ԻՐԱՆ ԴԺԳՈՀ

Թեհրան-Պաքու առանցքին վրայ առկայ լարուածութիւնները կը շարունակուին։ Վերջին շրջանին անոնց միջեւ տարակարծութիւններ ծայր տուած են՝ Գորիս-Կապան ճանապարհի՝ Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուած հատուածներէն ներս Իրանի բեռնատարներուն դէմ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար։ Ատրպէյճան շուրջ երկու շաբաթ առաջ ձերբակալած էր իրանցի վարորդներ, որոնց պարագան կը շարունակէ մնալ անստոյգ։ Վերջին օրերուն Թեհրանէն Պաքուի հասցէին հնչած յայտարարութիւններուն երէկ միացաւ նաեւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան։ Այս վերջինը նշեց, որ Իրան դժգոհ է Ատրպէյճանի յայտարարութիւններուն եւ գործողութիւններուն բերումով։

Ամիր Ապտուլլահիան երէկ Թեհրանի մէջ ընդունեց Ատրպէյճանի նորանշանակ դեսպան Ալի Ալիզատէի հաւատարմագրի պատճէնը։ Այդ ընդունելութեան ժամանակ ան դժգոհութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի սահմանապահներուն կողմէ իրանցի վարորդներուն դէմ ցուցաբերուած ոչ-պատշաճ վերաբերմունքին բերումով, երկու վարորդներու ձերբակալումով հանդերձ։ Թեհրանի պաշտօնական աղբիւրներն ալ հաղորդած են, որ Ապտուլլահիան զարմանալի եւ ափսոսայարոյց որակած է Ատրպէյճանէն հնչած բացասական յայտարարութիւնները։

Թեհրան-Պաքու առանց-քին վրայ տարակարծութեան պատճառ դարձած խնդիրներու շարքին են նաեւ կազմակերպուած զօրավարժութիւնները։ Նախարար Ապտուլլահիանի խօսքով՝ զօրավարժութիւնները երկիրներու ինքնիշխան իրաւունքն են։ Ան մատնանշեց Իրանի սահմաններու մօտ սիոնիստ վարչախումբի գործողութիւնները եւ ըսաւ. «Իրան չի հանդուրժեր իր ազգային անվտանգութեան դէմ սիոնիստ վարչախումբի ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը եւ այդ առումով պիտի իրականացնէ անհրաժեշտ քայլերը»։ Իր կարգին, Ատրպէյճանի դեսպանը յոյս յայտնած է, թէ վերջին եղելութիւնները կը հարթուին երկու երկիրներու պաշտօնատարներու երկխօսութեան միջոցաւ։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ միջոց մը առաջ «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ զարմանք յայտնած էր Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ Իրանի բանակին կողմէ ձեռնարկուած զօրավարժութիւններուն շուրջ։ Ան ըսած էր, որ իր երկրի անկախութեան երեսուն տարիներու ընթացքին նման իրադարձութիւն մը տեղի չէր ունեցած։ «Ինչո՞ւ հիմա եւ ինչո՞ւ մեր սահմանին։ Այս հարցը ոչ թէ ես կու տամ, այլ՝ Ատրպէյճանի հասարակութիւնը», ըսած էր Ալիեւ՝ Իրանի զինուորականներու գործողութիւնները որակելով «զգացական արձագանգ»՝ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստան-Իրան միջպետական ճանապարհին վրայ բեռնատարներու վարորդներէն ճանապարհային հարկ գանձելու որոշման դէմ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Պաքուի մօտ Իրանի դեսպանը միջոց մը առաջ իրերայաջորդ հանդիպումներ ունեցած էր Ալիեւի աշխատակազմէն Հիքմէթ Հաճիեւի՝ բեռնափոխադրումներու առկայ հարցերուն շուրջ։

Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Զոհուրին։ Ան բարձր գնահատեց Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան կապակցութեամբ Իրանի դիրքորոշումը։ Զրուցակիցները քննարկեցին Գորիս-Կապան ճանապարհահատուածի իրավիճակը։ Անոնք խօսեցան այլընտրանքային ճանապարհի կառուցման ընթացքին եւ «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի աշխատանքներուն շուրջ։ Ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութիւնն ալ զրուցակիցներու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Արարատ Միրզոյեան մատնանշեց Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններն ու նկրտումները Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ, ինչ որ կը խաթարէ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու զարգացման ուղղեալ ջանքերը։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան հարցերուն շուրջ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2021