ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց Երեւանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Անն Լիւյոն։

Հաւատարմագրի յանձնման յաջորդած զրոյցի աւարտին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան զանազան ոլորտներուն։ Նախագահ Սարգսեան հեռանկարային նկատեց նորագոյն փորձագիտութիւններու բնագաւառէն ներս համագործակցութիւնը։ Ըստ Արմէն Սարգսեանի, Երեւան կ՚արժեւորէ ծանր ու դժուարին օրերուն Փարիզի կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2021