ՊԱՅՔԱՐԻ ՆՈՐ ՓՈՒԼ

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գումարեց իր հերթական ժողովը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որմէ վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ շեշտադրուեցան կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ մարտահրաւէրները։ Ընդգծուեցաւ, որ կլիմայի փոփոխութեան դէմ համաշխարհային հասարակաց պայքարի մը ծրագրի կեանքի կոչուիլը ստիպողական է։ Շեշտուեցաւ, որ այս հարցին շուրջ Թուրքիա իրեն վիճակածը պիտի ընէ՝ ինչպէս բոլոր միջազգային խնդիրներու պարագային։

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը անդրադարձ կատարած է Սուրիոյ իրադրութեան։ Խորհուրդը կարեւոր կը համարէ, որ այս հիմնախնդրին ներգրաւուած կողմերը կամ միջամուխ դարձած դերակատարները հաւատարիմ մնան իրենց պատասխանատուութիւններուն։ Այն յարձակումները, որոնք կը թիրախաւորեն խաղաղ բնակչութիւնը ու վնաս կը հասցնեն կայունութեան, կը խոչընդոտեն մշտական լուծման հասնիլը՝ խանգարելով տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւնները։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2021