ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐ

Երէկ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը։ «Սուրբ Հոգիի թռչունը» խորագրեալ այս ցուցահանդէսով գեղարուեստասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած են նկարչուհի Քրիստինէ Օգանեզզիի ստեղծագործութիւնները։ Ցուցադրասրահի լայն տարածութեան վրայ ներկայացուած գործերը գեղարուեստասէրներու ուշադրութիւնը գրաւեցին թէ՛ իրենց որակով եւ թէ իրենց զանազանութեամբ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2021