ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ ՀԱՅԿՈՅԻՆ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ երգիչ ու երգահան Հայկոյի (Հայկ Յակոբեան) յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը։ Կոնդ թաղամասի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ հրաժեշտ տրուեցաւ համակրելի երգիչին։ Հայկոյի հարազատները, ընտանեկան պարագաները, ընկերներն ու համակիրները փութացած էին իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու։

Երգիչ Հայկոն, որ Հայաստանը ներկայացուցած էր նաեւ «Եւրոտեսիլ» մրցոյթին ժամանակ, նախընթաց օր զոհ գացած էր քորոնաժահրի համաճարակի։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2021