ՔՐԵՄԼԻՆԷՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ. ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ Սոչիի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով այս հանդիպման վերաբերեալ հրապարակեց կարգ մը մանրամասնութիւններ, ըստ որոնց երկու նախագահներու օրակարգին վրայ գտնուած են տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու խնդիրները։ Այս ամբողջին մէջ անոնք շօշափած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ռուսական կողմը ընդգծած է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան փոխզիջումային որոշումներ պէտք է փնտռեն սահմանազատման եւ փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու զարգացման հարցին շուրջ։

Հայկական լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն մէջ արձագանգ գտած է նաեւ, որ Սոչիէ վերադառնալու ճանապարհին, լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին նախագահ Էրտողան դարձեալ անդրադարձած է «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցին։ Ըստ իրեն, Փութինի հետ քննարկած են նաեւ Կովկասի իրավիճակը։ Էրտողան կարեւորած է յիշեալ միջանցքը՝ ամբողջ տարածքաշրջանի տեսակէտէ։ «Այդ հատուածէն ներս գործարկուելիք ցամաքային եւ երկաթուղային ճանապարհները տարածքաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար առեւտրատնտեսական հնարաւորութիւններ կ՚ապահովեն։ Ատրպէյճան այս միջանցքին համար լայնածաւալ աշխատանք կը տանի։ Ի հարկէ, Հայաստանն ալ պէտք է կատարէ իր պարտաւորութիւնները», նշած է նախագահ Էրտողան։

Մինչ այդ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան փոխ-բանբեր Ալեքսէյ Զայցեւ յայտնեց, որ Մոսկուա առաջարկներ ներկայացուցած է Երեւանին ու Պաքուին՝ սահմանազատման բանակցութիւններու վերաբերեալ։ «Մենք բազմիցս ընդգծած ենք, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առանձին հատուածներէն ներս դէպքերու խնդրի կայուն ու երկարաժամկէտ լուծումն է՝ սահմանազատման յանձնաժողովի մը ստեղծումը, որուն պիտի յաջորդէ սահմանագծումը ամբողջ երկայնքով։ Մոսկուա ձեւակերպած է առաջարկներ, որոնք ներկայացուած են Երեւանին ու Պաքուին՝ համապատասխան բանակցային գործընթացի մը սկիզբի ապահովման վերաբերեալ։ Կ՚ակնկալենք գործընկերներու արձագանգը», ըսաւ ան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ռուս դիւանագէտը մեկնաբանեց նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին խօսքերը, որոնցմով պատրաստակամութիւն յայտնած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպելու ուղղութեամբ։ Մոսկուա կը յուսայ, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախատեսուած այցելութիւնը պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ հանդիպման մը կազմակերպման։ «Ռուսաստան միշտ հիմք ընդունած է, որ մշտական երկխօսութիւնը՝ յատկապէս ամենաբարձր մակարդակի վրայ, կը նպաստէ փոխադարձ ըմբռնման եւ խնդրայարոյց հարցերու լուծման շինիչ մթնոլորտի պահպանման։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հետ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի խտացեալ շփումներուն շնորհիւ հնարաւոր եղաւ դադրեցնել արիւնահեղութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ստորագրել եռակողմանի յայտարարութիւն, որ հիմք դրաւ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղ կեանքի հաստատման», շարունակեց ան։

Ալեքսէյ Զայցեւ անդրադարձաւ նաեւ Ալիեւի յայտարարութիւններուն մէջ յաճախ մատնանշուած «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցին։ Ան համոզուած է, թէ առերեսման երանգով յայտարարութիւնները չեն նպաստեր առկայ տարաձայնութիւններու յաղթահարման։ «Փոխարէնը՝ չափազանց կարեւոր է հնարաւորութիւն ստեղծել փոխադարձ ընդունելի հանգուցալուծումներ գտնելու համար», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ թէ՛ Պաքուէն եւ թէ Երեւանէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ յայտարարուած է յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը բանալու, անոնց աստիճանական կարգաւորման պատրաստակամութեան մասին։ Ռուսական կողմի աշխատանքներն ալ կը կեդրոնանան այդպիսի դրական կէտերու վրայ։ «Անդրկովկասէ ներս փոխադրութեան ուղիներու ապաշրջափակման ուղղեալ եռակողմանի աշխատանքային խումբը՝ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու ձեւաչափով կը շարունակէ աշխատիլ։ Մեր կողմէ կ՚ողջունենք Պաքուի եւ Երեւանի դրական տրամադրութիւնը՝ փոխադարձ ընդունելի, ծրարային պայմանաւորուածութիւններու հասնելու համար, ինչ որ հեռանկարային առումով թոյլ պիտի տայ համատեղ աշխատանքը տեղափոխել գործընկերային համագործակցութեան հարթութիւն», ըսաւ ան։

Բաց աստի, Զայցեւ տեղեկացուց, որ ռուսական կողմը կը շարունակէ աշխատանք տանիլ Երեւանի եւ Պաքուի հետ՝ հայ ռազմագերիներու վերադարձի ուղղութեամբ, ականապատուած գօտիներու քարտէսներու տրամադրման փոխարէն։ Մոսկուա կը յուսայ, թէ սա կը նպաստէ կողմերու յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Ռուս դիւանագէտը բորբոքիչ որակեց համապատասխան հարցերը եւ ընդգծեց անոնց շուտափոյթ ու վերջնական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Այս նիւթին վերաբերեալ Մոսկուայի աշխատանքները կը շարունակուին 8 նոյեմբեր 2020 թուականի եւ 11 յունուար 2021 թուականի եռակողմանի յայտարարութիւններու առանցքին շուրջ։ Զայցեւի խօսքով, անոնք ապագային նմանօրինակ ողբերգական իրադարձութիւններու բացառման համար յուսալի երաշխիք են։ «Տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակի կայունացման ուղղեալ ջանքերուն մէջ Ռուսաստան շեշտը կը դնէ տուեալ եռակողմանի համաձայնագրերէն բխած առաջադրանքներու իրագործման վրայ», ըսաւ ան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2021