ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ պատահեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը, որ ցնցեց ամբողջ երկիրը եւ լայն արձագանգ ստեղծեց համայն աշխարհէն ներս։ Դէպքը զուգադիպեցաւ Ամենայն Սրբոց տօնի օրուան։ Նիւ Եորքի մէջ, Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոնի մերձակայքին անձ մը սկսաւ կրակ բանալ իր շուրջը։ Մենհեթթընի մէջ պատահած ահաբեկչական յարձակման զոհ գնաց ութ հոգի, տասնհինգ հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ «Ռէօյթըրզ»ի եւ այլ միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, յարձակումը կատարուեցաւ 29-ամեայ Սայֆուլլօ Սայիփովի կողմէ, որ ունի էօզպեքական ծագում։ Ոստիկանութիւնը ձերբակալեց ահաբեկիչը՝ վիրաւորուած վիճակի մէջ։ Իրաւասուները տեղեկացուցին, որ վիրաւորեալներու կեանքին վտանգ չի սպառնար։ Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը ստուգած է նաեւ, որ յարձակողը եօթ տարիէ ի վեր կը բնակէր Ֆլորիտա նահանգին մէջ եւ ԱՄՆ մուտք գործած էր «կանանչ քարտ»ով։ Ան ներկայիս կը դարմանուի հիւանդանոցի մը մէջ, որու անունը չի հրապարակուիր։

Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տը Պլեսիոյ դէպքէն վերջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին յայտնեց, թէ քաղաքէն ներս սարսափելի ողբերգութիւն մը տեղի ունեցած է։ Իր կարգին, քաղաքի կառավարիչ Էնտրու Քուոմօ նշեց, որ յարձակողը առանձին ծրագրած է դէպքը։

ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփն ալ դէպքէն վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան շեշտեց, որ չեն կրնար թոյլ տալ, որպէսզի «Իրաք-Շամի Իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումը վերադառնայ ԱՄՆ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2017