ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ

Երէկ, Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հերթական ժողովը, որու արդիւնքները ցոյց կու տան՝ որ երկու երկիրներու զօրակցութիւնը ամրապնդման հունի մէջ է։ Խորհուրդի ժողովը գլխաւորեցին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս նորահաստատ երկաթուղիի բացման պաշտօնական արարողութեան առթիւ Էրտողան օր մը առաջ արդէն մեկնած էր Ատրպէյճան։ Հանդիսութենէն վերջ ան շարունակեց մնալ Պաքուի մէջ, ուր երէկ վերոյիշեալ խորհուրդի հերթական ժողովին մասնակցեցաւ՝ պաշտօնական այցելութեան ձեւաչափով։

Էրտողան եւ Ալիեւ ունեցան առանձնազրոյց մը եւ աւելի վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Իլհամ Ալիեւ այս մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ հերթական անգամ շեշտը դնելով տարածքային ամբողջականութեան վրայ։ Իր խօսքերով՝ Ատրպէյճան երբեք պիտի չհանդուրժէ երկրորդ հայկական պետութեան մը ստեղծուելուն։

Էրտողանի հետ համատեղ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ալիեւ դիտել տուաւ, որ Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ ռազմական ոլորտէ ներս ծաւալուող գործակցութիւնը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ Ալիեւ տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը օրակարգի վրայ եկած է երէկ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հերթական ժողովին ընթացքին։ Ան ըսաւ. «ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը ընդունած է չորս բանաձեւեր, ըստ որոնց՝ Հայաստանի զինեալ ուժերը պէտք է անյապաղ եւ անվերապահօրէն լքեն Ատրպէյճանին պատկանող տարածքները։ Այդ բանաձեւերը, սակայն, կը շարունակեն մնալ թուղթի վրայ։ Հայաստան կ՚անտեսէ զանոնք եւ հարցը չի լուծուիր։ Ատրպէյճանի դէմ կրկնակի չափանիշներ կը կիրարկուին։ Երբեմն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերը կը կատարուին քանի մը օրուան ընթացքին։ Մեր պարագային, սակայն, այդ բանաձեւերը արդէն քսան տարիէ ի վեր կեանքի չեն կոչուիր։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի միջազգային իրաւունքի չափանիշներու համապատասխան՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի շրջանակներուն մէջ։ Այլ լուծում գոյութիւն չունի»։

Անդրադառնալով Թուրքիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն՝ Իլհամ Ալիեւ յատուկ ընդգծեց Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ ռազմական ոլորտի գործակցութեան կարեւորութիւնը։ «Այս տարի Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կազմակերպեցին համատեղ երեք զօրավարժութիւն. երկուքը Պաքուի, իսկ մին՝ Նախիջեւանի մէջ։ Այդ գործօնը ա՛լ աւելի կ՚ամրապնդէ մեր համագործակցութիւնը ռազմական ասպարէզի վրայ։ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը շարունակեն խորացնել համագործակցութիւնը նաեւ ռազմական արդիւնաբերական բնագաւառին մէջ։ Օրէ օր կը զարգանայ Թուրքիոյ ռազմաարդիւնաբերական համալիրը, որ առարկայ է մեր լուրջ հետաքրքրութեան։ Մենք Թուրքիայէն ռազմական նշանակութեամբ արտադրութիւն ձեռք կը բերենք եւ պիտի շարունակենք ընել այդ բանը», ըսաւ Իլհամ Ալիեւ։

Իր կարգին, Էրտողանն ալ յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարիներուն երկկողմանի յարաբերութիւնները պիտի զարգանան քանի մը ուղղութիւններով։ Իր խօսքերով՝ առանցքային ուղղութիւնները պիտի ըլլան փոխադրութիւնն ու ուժանիւթը։ Հանրապետութեան նախագահը յատուկ շեշտադրեց TANAP ծրագիրը ու շեշտեց, որ Ատրպէյճանի կազը մօտաւոր ապագային Թուրքիոյ վրայով պիտի մատակարարուի դէպի Եւրոպա։ Էրտողանի խօսքերով՝ սա ոմանց շատ կ՚անհանգստացնէ, սակայն գործը արդէն կ՚ընթանայ։

Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի Պաքուի երէկուան ժողովէն վերջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը։ «Պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան մասին» խորագրեալ այս համաձայնագրին բնագիրը չէ հրապարակուած։

Պաքուի շփումներուն ընթացքին Էրտողանին ընկերացան՝ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Տնտեսութեան նախարար Նիհատ Զէյպէքճի, Ուժանիւթի նախարարա Պերաթ Ալպայրաք, Ազգային կրթութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի, Հաղորդակցութեան նախարար Ահմէտ Արսլան, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան, Հանրապետութեան նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2017