ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԵՌԱԿՈՂՄ ԳԱԳԱԹ

Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Իրանի ղեկավարութեան կողմէ։ Օր-ուան տեւողութեան Փութին կը տեսակցի Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ կրօնապետ Այէթուլլահ Խամանէյի հետ։ Բաց աստի, Թեհրանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Իրանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմանի հանդիպումը։ Այս ծիրին մէջ կը մէկտեղուին Վլատիմիր Փութին, Հասան Ռուհանի եւ Իլհամ Ալիեւ։ Գագաթաժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան եռակողմանի համագործակցութեան հրատապ հարցերը՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական բնագաւառներէ ներս։

Փութին Ռուհանիի հետ կը շօշափէ Սուրիոյ եւ Իրաքի իրադարձութիւնները եւ տարածքաշրջանի խնդիրները։ Թեհրանի մէջ նախատեսուած է նաեւ Փութինի եւ Ալիեւի երկկողմանի զրոյցը։

Ալիեւ Ժընեւի մէջ մօտաւոր անցեալին տեսակցած էր Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Այդ հանդիպումէն վերջ առաջին անգամ ան պիտի տեսակցի Փութինի հետ։ Շուրջ երկու շաբաթ վերջ՝ 15 Նոյեմբերին ալ Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Փութինի հանդիպումը Սերժ Սարգսեանի հետ։

Փութին, Ռուհանի եւ Ալիեւ եռակողմանի ձեւաչափով տեսակցած էին նաեւ անցեալ տարի Օգոստոսին Պաքուի մէջ։ Անոնց քննարկումներու օրակարգին վրայ մասնաւոր տեղ վերապահուած է «Հիւսիս-հարաւ» փոխադրութեան միջանցքի ապագայ զարգացման համար։ Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով նշեց, որ փոխադրութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման նկատմամբ պիտի ցուցաբերուի առաջնահերթութիւն։ Ըստ իրեն, երեք երկիրներու նախագահները կը քննարկեն նաեւ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցեր։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2017