ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Փարիզ, ուր ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս կը մասնակցի կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովի 39-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նստաշրջանի ընթացքին նախատեսուած է նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի ելոյթը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2017