ՔԱՎԱԼԱ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ

Գործարար ու հասարակական գործիչ Օսման Քավալա ձերբակալուեցաւ՝ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ ձեռնարկուած հարցաքննութեան ծիրին մէջ։ 19 Հոկտեմբերին ան առնուած էր հսկողութեան տակ։ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան ահաբեկչութեան ու կազմակերպուած յանցագործութիւններու բաժանմունքը Քավալան հսկողութեան տակ առած էր ՖԵԹԷՕ-ի 17-25 Դեկտեմբերի դաւադրանքներուն եւ 15 Յուլիսի պետական հարուածի փորձին բերումով ձեռնարկուած հարցաքննութեան շրջագծով։ NTV-ի հաղորդումներով, անվտանգութեան տնօրէնութեան գործողութիւններէն վերջ Քավալա տարուեցաւ Չաղլայանի՝ Իսթանպուլի արդարադատութեան պալատը։ Դատախազութիւնը ձերբակալութեան պահանջով զինքը ուղարկեց դատարան։ Հուսկ, սահմանադրական կարգը եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւնը վերացնել փորձելու մեղադրանքով Օսման Քավալա ձերբակալուեցաւ։

Օսման Քավալայի հսկողութեան տակ առնուիլը վերջին օրերուն անմիջականօրէն զբաղեցուցած էր հանրային կարծիքը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2017