ՅԱՏՈՒԿ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ կրթական հաստատութիւնները։ Նորին սրբազնութիւնը վերջերս այցելած է շարք մը հայկական վարժարաններ։ Ըստ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանէն հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան, հայ դպրոցը մշտապէս առանցքային տեղ գրաւած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանին, առաջնորդին եւ յարակից բոլոր մարմիններուն համար։ Այս ամիսը նուիրուած էր «Հայ մշակոյթ»ին։ Այս առթիւ, Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տեմիրճեանին, Տ. Երեմիա Քհնյ. Խաչատրեանին եւ Տ. Սերովբէ Քհնյ. Էյլէնճեանին այցելեց «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան», «Մանուկեան-Տէմիրճեան», «Յովսէփեան», «Սահակ Մեսրոպ», «Մերտինեան», «Փոքրիկ հրեշտակներ» վարժարանները։

Այս այցելութիւնները լաւագոյն առիթն էին, հովիւ-հօտ, Սրբազան-ուսանողութիւն յարաբերութիւնները աւելի եւս խորացնելու։ Սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ տնօրէններուն, ուսուցչաց կազմերու, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն հետ։ Ան մտերմիկ հանդիպումներ ունեցաւ աշակերտութեան հետ, որոնց ընթացքին շեշտեց հայ դպրոցի կարեւորութիւնը, հայ ըլլալու վեհութիւնը եւ հայերէն խօսելու անհրաժեշտութիւնը։ Խօսելով երախտագիտութեան մասին, Սրբազան հայրը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց երախտագիտութեան հասկացողութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ երախտագիտութիւնը բանալին է կեանքի յաջողութեան, ինչ որ կը դրսեւորուի միայն գործով։ Իսկ գործը կեանքի կը կոչուի ինքնագիտակցաբար կատարուած արարքներով՝ երբ ան ամրակայուած է անխախտ սկըզ-բունքներով եւ ընկերութիւնը սատարող գործառոյթներով։ Մարդ ո՛րքան երախտապարտ գտնուի, այնքան աւելի կրնայ ներկան լիովին ապրիլ։ Եւ որքան մարդ կարենայ ներկայի դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները դիմակայել, այնքան աւելի կրնայ պայծառ ապագայ մը կերտել։ «Երախտագէ՛տ պէտք է ըլլալ ձեր երկնաւոր Հօր Աստուծոյ, որ ձեզի այս կեանքը շնորհած է եւ ամէն օր իր հովանին անպակաս կը պահէ ձեր վրայէն։ Երախտապարտ պէտք է ըլլաք ձեր ծնողներուն, որոնք իրենց աչքին բիբին նման ձեզ կը խնամեն եւ որոնք առիթը ընձեռած են ձեզի ուսում ստանալու եւ հայկական վարժարան յաճախելու։ Երախտապարտ պէտք է ըլլաք նաեւ ձեր ուսուցիչներուն, որոնք նուիրուածութեամբ յանձն առած են ձեզ մշտապէս եւ հոգեպէս թրծելու եւ լիցքաւորելու», ըսաւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։

«Սահակ Մեսրոպ» եւ «Մերտինեան» վարժարաններէն ներս Սրբազան հայրը մասնակից դարձաւ «Հայ մշակոյթ»ի ամսուան նուիրուած հանդիսութեան, ուր աշակերտները իրենց հմայիչ երգեցողութեամբ, արտասանութեամբ եւ թատերախաղով իմաստաւորեցին հայ մշակոյթի խորհուրդը։ Առաջնորդ սրբազանը եզրափակիչ խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ուսուցիչները եւ աշակերտները աննախընթաց միջոցառման համար եւ յորդորեց զանոնք տէր կանգնելու իրենց դպրոցին, արժանաւոր զաւակները դառնալու Մեսրոպ Մաշտոցին ու Սահակ Պարթեւին եւ հայ անունը միշտ բարձր պահելու։

Երկրորդական վարժարաններու աշակերտներուն հետ հանդիպումը իւրայատուկ բնոյթ կը կրէր։ Աշակերտները խանդավառութեամբ կը լսէին Սրբազանը, առանց վարանելու հետաքրքրական հարցումներ կ՚ուղղէին, իսկ Սրբազանը ամենայն պարզութեամբ ու սիրայօժար կը պատասխանէր անոնց հարցումներուն։ Յովնան սրբազան իր խօսքին մէջ նշեց. «Մարդ արարածը Աստուծոյ ձեռագործն է ու մեծագոյն հրաշքը։ Իսկ հրաշք-մարդը ինքզինք պէտք է կատարելագործէ ինքնագիտակցութեամբ, Աստուծոյ տուած շնորհները

օգտագործելով՝ ծառայէ Աստուծոյ եւ աջակից դառնայ իր շրջապատին»։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը նաեւ խօսեցաւ ինքնութեան եւ պատկանելիութեան մասին՝ ըսելով. «Հայ դպրոցի ճամբով դուք ո՛չ միայն գիտելիք կ՚ամբարէք. այլ նաեւ կը բացուիք մեր արժէքներուն. աւանդութիւններուն ու ձգտումներուն, ինչպէս նաեւ հայօրէն ու մեսրոպաբար կը կազմաւոր-ւիք: Հետեւաբար, ամէն զոհողութիւն պէտք է կատարէք հայերէն խօսելու եւ հայօրէն մեծնալու համար։ Փարած մնացէք Հայ Եկեղեցւոյ, հայկականութեան, հայ մշակոյթին, հայ ոգիին, հայ լեզուին եւ ձեր դպրոցին»։

Սրբազան հայրը իր իւրաքանչիւր հանդիպումով պատգամ մըն էր, որ կը փոխանցէր. կառչած մնալ մեր արմատներուն եւ սրբազան կառոյցներուն։ Աշակերտները սիրով ընդունեցին ու ճանապարհեցին Առաջնորդ Սրբազան հայրը։ Հանդիպումները վերջ գտան Սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018