ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ-ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ԶՕՐԱԽՈՒՄԲԻ ՄԱՍԻՆ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան եւ Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէր­կէյ Շոյ­կու ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի հայ-ռու­սա­կան հա­մա­տեղ զօ­րա­խում­բի ստեղ­ծու­մը։ Այս նիւ­թը մի­ջո­ցէ մը ի վեր օ­րա­կար­գի վրայ է եւ ծրագ­րին նկատ­մամբ վեր­ջերս իր հա­ւա­նու­թիւ­նը տուած էր Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին։ Հա­յաս­տա­նի ընդ­դի­մա­դիր շրջա­նակ­նե­րը այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կը քննա­դա­տեն՝ երկ­րի ինք­նիշ­խա­նու­թեան շու­քի տակ մնա­լուն ա­ռու­մով։

Վի­գէն Սարգ­սեան վեր­ջին օ­րե­րուն պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ռու­սաս­տան։ Զա­նա­զան քա­ղաք­ներ այ­ցե­լե­լէ վերջ ան մեկ­նե­ցաւ Մոս­կուա, ուր ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ ԱՊՀ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Մոս­կուա­յի մէջ Վի­գէն Սարգ­սեան եւ Սէր­կէյ Շոյ­կու ե­րէկ ու­նե­ցան ա­ռան­ձին հան­դի­պում մը եւ այդ շրջագ­ծով ալ ստո­րագ­րուե­ցաւ յի­շեալ փաս­տա­թուղ­թը։ Կով­կա­սի տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս եր­կու եր­կիր­նե­րը միա­ւո­րուած զօ­րա­խումբ մը պի­տի ստեղ­ծեն՝ հա­մար­ժէք ձե­ւով հա­կազ­դե­լու հա­մար յար­ձա­կում­նե­րուն, անվ­տան­գու­թեան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն եւ սպառ­նա­լիք­նե­րուն դէմ։ Ըստ Վի­գէն Սարգ­սեա­նի, զօ­րա­խում­բը պի­տի նե­րառ­նէ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քէն ներս տե­ղա­կա­յուած ռու­սա­կան ռազ­մա­կա­յա­նը եւ Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը։ Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը ե­րէկ ստո­րագ­րե­ցին նաեւ կող­մե­րու 2017 թուա­կա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գի­րը։

Միւս կող­մէ, Շոյ­կու ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Զա­քիր Հա­սա­նո­վի հետ, որ մաս­նակ­ցե­ցաւ ԱՊՀ-ի ժո­ղո­վին։ Ռուս նա­խա­րա­րը յայտ­նեց, թէ պի­տի ընդ­լայ­նուի կող­մե­րու ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Շոյ­կու Ատր­պէյ­ճա­նի դե­րը կա­րե­ւո­րեց նաեւ Կաս­պեան տա­րած­քաշր­ջա­նի անվ­տան­գու­թեան ա­ռու­մով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016