«ՖՈԹՈԼՈՒՐ» ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆՇԷ ԻՐ 15-ԱՄԵԱԿԸ

Երեւանի մէջ այսօր կը նշուի «Ֆոթոլուր» գործակալութեան հիմնադրութեան 15-ամեակը։ Սա յատկանշական յոբելեան մըն է հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհին տեսակէտէ։

«Ֆոթոլուր»ը 15 տարի առաջ հիմնուած է յայտնի լուսանկարիչ հանգուցեալ Հերպերթ Պաղտասարեանի ջանքերով։ Հայաստանի անկախացումէն վերջ, ան «Արմէնփրէս» պետական գործակալութեան լուսանկարչական ծառայութեան կազմէն դուրս գալով հիմնած էր իր մասնաւոր գործակալութիւնը՝ «Ֆոթոլուր»ը, որու հովանիին տակ համախմբուած էին իր խումբ մը գործակից լուսանկարիչ ընկերները։ Անցնող մէկուկէս տասնամեակին Հերպերթ Պաղտասարեան չկրցաւ միշտ գտնուիլ իր ստեղծած գործակալութեան գլուխը, սակայն «Ֆոթոլուր»ի առաքելութիւնը շարունակուեցաւ անոր ցոյց տուած արհեստավարժ ուղղութեամբ, կատարելապաշտ շունչով։ Հերպերթ Պաղտասարեանի մահէն վերջ գործակալութեան գլուխը անցաւ իր եղբայրը՝ Մելիք Պաղտասարեան, որ զարգացման նոր հորիզոններ բացաւ «Ֆոթոլուր»ի առջեւ։ Ներկայ ժամանակաշրջանին, երբ որեւէ լրատուութիւն թերի կը համարուի առանց որակեալ տեսանիւթի, «Ֆոթոլուր» գործակալութիւնը Հայաստանի բոլոր իրադարձութիւններուն մասին կը թողարկէ բարձր որակով լուսանկարներ։ Այն աստիճան, որ «Ֆոթոլուր»ի զանազան լուսանկարները կը պայմանաւորեն Հայաստանի շարք մը առանցքային իրադարձութիւններուն ընկալումը միջազգային հանրային կարծիքին կողմէ։

«Ֆոթոլուր»ի 15-ամեակին առթիւ Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ յոբելենական ցուցահանդէսի մը բացումը։ Գործակալութիւնը այդ ձեռնարկը կազմակերպած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի կեդրոնակայանի երդիքին տակ։ «Ակնթարթ» խորագրուած է այս յոբելենական ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 4 Դեկտեմբեր։

2002 թուականին հիմնադրուած Հայաստանի այս առաջին մասնաւոր լուսանկարչական գործակալութիւնը ցայսօր համագործակցած է ու կը շարունակէ համագործակցիլ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ արտասահմանի տպագիր կամ առցանց բազմաթիւ լրատուամիջոցներուն։ Անցնող 15 տարիները «Ֆոթոլուր»ի տեսակէտէ թէեւ զուգորդուած են ծանրաբեռնուած աշխատանքով մը, սակայն յետադարձ հայեացքով այդ ճանապարհը ներկայիս վերածուած է ակնթարթի մը։ Ուստի, «Ակնթարթ» խորագրեալ ցուցահանդէսի ծիրէն ներս կը ներկայացուին «Ֆոթոլուր»ի 15 տարուան գործունէութեան ընթացքին անոր լուսանկարիչներու ոսպնեակներու որսացած լաւագոյն դրուագներն ու իրադարձութիւնները։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր գործընկեր «Ֆոթոլուր» գործակալութիւնը, որու աշխատանքներուն կը մաղթենք յարատեւութիւն ու նորանոր նուաճումներ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017