ԿԱՐԵՒՈՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու ղեկավարները երէկ ժողով մը գումարեցին Մինսքի մէջ։ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ։ Գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարները լսեցին կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի տարեկան զեկոցը՝ 2016-2017 շրջանին վերաբերեալ։

Մինսքի մէջ Հայաստանի եւ իր դաշնակից երկիրներու ղեկավարները՝ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի աւարտին հանդէս եկան կարեւոր յայտարարութիւնով մը։ Խորհուրդի նեղ կազմով նիստին յաջորդած լիագումար ժողովին ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու նախագահները ստորագրեցին շարք մը փաստաթուղթեր։ Ժողովի շրջանակներէն ներս քննարկուած աւելի քան երկու տասնեակ հարցերու շարքին ընդունուեցան նաեւ քաղաքական յայտարարութիւններ։ Այս ամբողջին մէջ Հայաստանի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու միջնորդական ջանքերուն աջակցելու» վերաբերեալ յայտարարութիւնն ալ ընդունուեցաւ խորհուրդին կողմէ։ Այսպէս, ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու նախագահները անգամ մը եւս վերահաստատեցին իրենց աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հիմնահարցի կարգաւորման յայտնի երեք՝ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման՝ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու ի նպաստ։

Մինսքի գագաթաժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկան ՀԱՊԿ-ի յառաջիկայ տարիներու ռազմավարութեան իրականացման, ռազմական բաղադրիչի յետագայ զարգացման, պաշտպանութեան, արտաքին քաղաքականութեան եւ այլ շարք մը բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Ի լրումն այս բոլորին, նախագահները նկատի ունեցան միջազգային իրավիճակի զարգացման միտումները եւ միջազգային անվտանգութեան արդի խնդիրներու վերաբերեալ ծաւալեցին քննարկումներ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017