ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ Ս. Ծննդեան տօ­նին առ­թիւ ըն­դու­նեց քա­ղա­քիս քրիս­տո­նեայ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, հա­յաբ­նակ շրջան­նե­րու տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ այլ կարգ մը հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ հիւ­րեր։ Այս շրջագ­ծով Պատ­րիար­քա­րան փու­թաց Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիար­քը, որ Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ ու բա­րե­մաղ­թանք­ներ յղեց մեր հա­մայն­քին։ Այլ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րու ա­ռըն­թեր շնոր­հա­ւո­րու­թեան փու­թա­ցին Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ, Պէ­յօղ­լուի քա­ղա­քա­պետ Ահ­մէտ Միս­պահ Տե­միր­ճան, Կղզեաց քա­ղա­քա­պետ Ա­թիլ­լա Այ­թաչ, Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ եւ այլ հիւ­րեր։

Հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­քին էին Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սէն այլ ան­դամ­ներ, Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեան եւ այլ կարգ մը ազ­գա­յին­ներ։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2017