ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԴԷՊՔ

Պէյօղլուի մէջ երէկ կքեցաւ ազգապատկան կալուածի մը տանիքը եւ անակնկալ այս դէպքը լայն արձագանգ գտաւ նաեւ տեղական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Այսպէս, Ասմալըմեսճիտի մէջ պաշտպանութեան տակ առնուած լքեալ շէնք մը յանկարծ փուլ եկաւ։ Տանիքի կքման պահուն բարեբախտաբար ոեւէ մէկը չէր անցներ դէպքի վայրէն։ Անվտանգութեան տեսախցիկներուն ցոլացաւ այն պահը, երբ դէպքի վայրէն անցնող ինքնաշարժ մը երկվայրկեաններով ազատեցաւ վնաս-ւելէ։ Հնգյարկանի շէնքի տանիքը կքեցաւ ժամը շուրջ 10.00-ին։

Մինչ կքած շէնքի փլատակները շուտով վերցուեցան փողոցէն, Պէյօղլուի քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզն ալ անմիջապէս փութաց դէպքի վայրը, ուր տեղեկութիւններ քաղեց պատահածին շուրջ։ Քաղաքապետը տեղեկացուց, որ լքեալ այս շէնքի սեփականութեան իրաւունքը կը պատկանի Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան։ Անցեալ սեպտեմբերին այս շէնքին վերաբերեալ առնուած էր որոշում մը եւ այդ մէկը հաղորդուած՝ շահագրգիռ կողմին։ Անվտանգութեան միջոցառումներու անհրաժեշտութեան զուգահեռ՝ անցեալ նոյեմբերին առնուեցան գործնական քայլեր։ Պողպատեայ վանդակի մը մէջ առնուեցաւ շէնքը։ Քաղաքապետը յիշեցուց, որ շրջանը պատմական պաշտպանութեան տարածք մըն է եւ այս պատճառով քաղաքապետարանը իրաւասութիւն չունի սեփական կամքով որոշում առնելու՝ շէնքը փլցնելու ուղղութեամբ։ Այս դէպքին առիթով ան անդրադարձաւ նաեւ Պէյօղլուի  լքեալ շէնքերու վերաբերեալ ընդհանուր խնդիրներուն։ Եըլտըզ մատնանշեց նաեւ, որ կքած շէնքի անմիջապէս կողքին կը կատարուէր շինարարութիւն մը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ

Այս առաւօտ կապ հաստատեցինք Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հետ, որ մեզի բացատրութիւններ տուաւ դէպքին կապակցութեամբ։ Ան ընդգծեց, որ կքած շէնքի սեփականութեան իրաւունքը կը պատկանի Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան եւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին։ Կտակի մը վրայ գոյացած համասեփականութիւն մըն է այդ մէկը։ Ըստ Կիւլմէզկիլի, շէնքը առնուած էր պահպանութեան տակ։ Նկատի ունենալով, որ անոր անմիջապէս կողքը կ՚ընթանայ շինարարութիւն մը՝ ըստ երեւոյթին, հիմք փորելու ժամանակ խնդրոյ առարկայ դարձած է անուշադրութիւնը։ Ասոր վրայ աւելցած է վերջին օրերու յորդառատ անձրեւի գործօնը եւ այսպէսով կքած է այս բաւական հին շէնքի տանիքը։ «Բարեբախտաբար ոեւէ մէկը չէ տուժած։ Մենք անմիջապէս պաշտօնական անհրաժեշտ ստուգումներու կատարումը կազմակերպած ենք։ Յառաջիկայ շրջանին դատական նախաձեռնութիւններով հետամուտ պիտի ըլլանք մեր իրաւունքներուն», ըսաւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ աւելցուց, որ շէնքին համար ալ պիտի մտածուի նոր ապագայ մը։ Անշուշտ շինարարական ծրագիր մը կեանքի պիտի կոչուի, որպէսզի շէնքը քանդուի ու վերակառուցուի։ «Այս գործը պիտի տեսնենք կա՛մ մեր միջոցներով եւ կամ պիտի համաձայնինք շինարարի մը հետ», մեզի յայտնեց Կիւլմէզկիլ։  

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2020