ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքը։ Հանդիպման ընթացքին երկու հոգեւոր առաջնորդները անդրադարձ կատարեցին Լիբանանէ եւ տարածքաշրջանէ ներս ներկայիս ստեղծուած ընդհանուր կացութեան, նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն։ Անոնք կարեւորութեամբ ընդգծեցին հայ ժողովուրդի ներքին միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը։

Միւս կողմէ, Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Ասորի եկեղեցւոյ Լեռնալիբանանի առաջնորդ Մետրապոլիտ Ճորճ Սալիպան։ Այս վերջինը յանուն Ասորի եկեղեցւոյ Եփրեմ Պատրիարքին շնորհաւորութիւններ փոխանցեց Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ։ Խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական օրակարգի զանազան նիւթերու շուրջ։

Կիլիկեան Աթոռի գահակալը տարեմուտի առթիւ վերջին օրերուն հիւրընկալեց նաեւ Մարոնիտ եկեղեցիէն Փոլ Սայեաղ Արքեպիսկոպոսը։

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2020