ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կը նշէ իր 75-ամեակը։ Երէկ իր ծննդեան տարեդարձն էր։ Այս յոբելեանը, անշուշտ, զուտ մարդկային կամ ընտանեկան նշանակութիւն չունի, այլեւ՝ յատկանշական է ամբողջ հայաշխարհին համար։ Արդարեւ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հայոց արդի պատմութեան առանցքային դերակատարներէն, վառ կերպարներէն մին է։ Ան ո՛չ միայն հայոց անկախ պետականութեան վերականգնման ուղղութեամբ անփոխարինելի քայլեր առած է, այլեւ՝ որպէս պետական գործիչ՝ վիթխարի ներդրում մը ունեցած է հայ ժամանակակից քաղաքական մտքի խմորման եւ ձեւաւորման ուղղութեամբ։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ունեցած պետական-քաղաքական գործիչի կշիռը պայմանաւորուած է նաեւ իր հեղինակաւոր մտաւորական մը ըլլալու հանգամանքով։ Հայաստանի այս նոր անկախութեան շուրջ երեք տասնամեակներուն տեւողութեան, բախտորոշ բոլոր ճամբաբաժաններուն Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ բարձրացուած ձայնը եղած է իմաստութեան կոչի մը համազօր։ Քաղաքական դաշտ մտած առաջին իսկ օրէն սկսեալ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան ունեցած է իր ուրոյն տեսլականը Հայաստանի մասին։ Այդ տեսլականին շուրջ  ատեն-ատեն ստեղծուած է ընդհանուր համախոհութիւն, երբեմն ալ այդ մէկը մնացած է լուսանցքային։ Բայց եւ այնպէս, Տէր-Պետրոսեան երբեք չէ դադրած սեփական տեսլականի ջատագովը ըլլալէ, չէ եղած ամբոխավար մը ու միշտ մնացած է սկզբունքի մարդ՝ գերադասելով հայոց պետականութեան շարունակականութիւնը, ամրապնդումն ու գերագոյն շահերը։

Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ծննդեան 75-ամեակին առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ իրեն յղեց շնորհաւորական մը։ Քաջառողջութիւն եւ ամենայն բարիք մաղթելով առաջին նախագահին՝ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձին մէջ մասնաւորապէս նշեց հետեւեալը. «Դուք եղած էք կանգնած Ղարաբաղեան շարժման, Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան հռչակման, 20-րդ դարավերջին հայոց պետականութեան վերականգնման ու կայացման ակունքներուն։ Մեծ ու ծանրակշիռ է ձեր դերը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ամրապնդման, որպէս միջազգային իրաւունքի առարկայ կայանալու, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ։ Չեմ կրնար չնշել ձեր բեղմնաւոր գիտական գործունէութիւնը եւ բարձրարժէք աշխատութիւնները։

Այս առթիւ մենք եւս կը շնորհաւորենք Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի 75-ամեակը՝ մաղթելով արեւշատութիւն։ 

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2020