2020 ԹՈՒԱԿԱՆԸ՝ ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2020 թուականը հռչակած է՝ «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի»։ Այս կիրակի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս պիտի ընթերցուի իր համապատասխան հռչակագիրը։ Անթիլիասի աղբիւրները կոչ կ՚ուղղեն՝ հետեւիլ այս կարգադրութեան պատգամին եւ անկէ բխած մտածումներուն ու թելադրութիւններուն՝ յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերելու համար խնամքի կարօտ հայորդիներուն։

Արամ Ա. Կաթողիկոս այս տարուան պարագային կատարած կարգադրութեան եւ հռչակումին հիմնաւորման վերաբերեալ խորհրդածութիւններու ծիրին մէջ մատնանշած է հետեւեալը.

«Մեզի հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, յատուկ կարիքներ ունեցող մեր զաւակներուն թիւը սկսած է զգալի աճ արձանագրել՝ մեր կեանքը դիմագրաւող տնտեսական, ընկերային, առողջապահական եւ այլ պատճառներու ու ազդակներու հետեւանքով։ Հետեւաբար, հրամայական կը նկատենք 2020 տարին հռչակել՝ Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի։

«Արդարեւ, յատուկ խնամքի կարօտ անձեր կը նկատուին ծնունդով թերի, ֆիզիքական, մտային կամ հոգեկան թերութիւն, անկարողութիւն կամ սահմանափակ կարողութիւն ունեցող անձեր՝ ի ծնէ կամ յետագային արկածներու հետեւանքով հաշմանդամ դարձած։ Բժշկական տուեալներուն համաձայն, ներկայ ժամանակներուն գոյութիւն ունին աւելի քան 20 տեսակի անկարողութեան կամ թերաճութեան վիճակներ, երեւելի եւ ոչ-երեւելի, ծայրայեղ եւ ոչ-ծայրայեղ։ Անոնց թէ՛ բնոյթը տարբեր է, թէ՛ դրդապատճառը եւ թէ բուժման կերպերը։ Ոմանք բուժելի են, իսկ ուրիշներ անբուժելի։ Մօտիկ անցեալին, նման դժուարութիւն ունեցող անձերը կը բնորոշուէին որպէս՝ թերաճ կամ հաշմանդամ։ Այսօր, սակայն, անցեալի սահմանումները ու անուանումները լայն չափով դադրած են եւ անոնց փոխարէն աւելի մեղմ ու յարգալից բնորոշումներ սկսած են գործածուիլ։ Օրինակ, մտային կամ ֆիզիքական անկարողութիւն ունեցող (disabled) բացատրութեան փոխարէն այսօր ընդհանրապէս կը գործածուի "այլապէս կարող" (differently abled) բնորոշումը։

«Փոխուած են նաեւ ընկերութեան մտածելակերպն ու մօտեցումը յատուկ խնամքի կարօտ անձերու նկատմամբ։ Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն սկսեալ կրօններ, պետութիւններ ու կազմակերպութիւններ յատուկ մասնագիտական կեդրոններ հիմնած են, հիմնադրամներ հաստատած ու զանազան ծրագիրներ մշակած, ինչպէս նաեւ յատուկ միջոցներու դիմած են գործնապէս դիւրացնելու համար անոնց կենցաղակերպը։ Այսպէս, անոնց մօտենալու ու անոնց հետ զրուցելու յարգալից ձեւեր ու արտայայտութիւններ որդեգրուած են։ Փողոցներու, շէնքերու ու հանրային կեդրոններու մէջ յատուկ կարգադրութիւններ եղած են, օդակայաններէն սկսեալ մինչեւ այլ փոխադրամիջոցներ՝ յարմարաւէտ միջոցառումներու դիմած են, հանրային հաւաքներու մէջ առաջնահերթութիւն սկսած է տրուիլ, տեղական կամ միջազգային յանձնախումբերու, ձեռնարկներու, ծրագիրներու ու աշխատանքներու մէջ սկսած են ներառուիլ։ Եւ այսպէս կարելի է երկար թուել շարքը այս ուղղութեամբ առնուած գործնական քայլերուն։

«Անհրաժեշտ է նաեւ աւելցնել, որ ներկայ ընկերութիւնը կարեւորութեամբ կը շեշտէ հաւասարութեան սկզբունքը։ Այլ խօսքով՝ յատուկ խնամքի կարօտ անձեր հարկ է, որ հաւասար իրաւունքներ ու պարտաւորութիւններ ունենան ընկերութեան կեանքի բոլոր մարզերէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ։ Անոնց քաղաքացիական իրաւունքներու դոյզն անտեսումն իսկ կը նկատուի խտրականութիւն ու անարդարութիւն եւ նո՛յնիսկ, կարգ մը երկիրներէ ներս՝ քրէական յանցանքի համազօր վերաբերում»։ 

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2020