ՆՈՒՐԲ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Սուրիոյ իրադարձութիւնները ու մանաւանդ Իտլիպի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը կը շարունակեն անմիջականօրէն բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Անգարայի ղեկավարութիւնը օրերէ ի վեր վճռակամ պատգամներ կու տայ այս ուղղութեամբ։ Անցեալ շաբաթ ութ թուրք զինուորներու նահատակման պատճառ դարձած դէպքը եկած է դառնալ շրջադարձային։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այդ դէպքէն վերջ մինչեւ ամսավերջ ժամկէտ սահմանած է՝ Սուրիոյ կառավարական զօրքերուն համար, որպէսզի անոնք հեռանան թրքական զօրքերու դիտարկման յենակէտերէն։

Մինչ այս օրացոյցը կը բանի, Անգարայի մէջ կարեւոր բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ։ Երկու երկիրներու Արտաքին գործոց եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւններու իրաւասուները շաբաթավերջին սկսան բանակցութիւններ վարել շատ նուրբ հարցերու շուրջ։ Թրքական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար դեսպան Սետաթ Էօնալ։ Ռուսական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկէյ Վերշինին։ Պատուիրակութեան կազմին մէջ է նաեւ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ, որ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ ներկայացուցիչն է Սուրիոյ հարցով։ Պատուիրակութիւններու բանակցութիւններու առաջին փուլը տեւած է շուրջ երեք ժամ։ Կը հաղորդուի, որ ներկայ շաբթուան սկիզբի դրութեամբ թրքական եւ ռուսական կողմերը կը շարունակեն ծաւալել քննարկումներ։ Առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան Սուրիոյ բանակին կողմէ Իտլիպէ ներս ձեռնարկուած յարձակումները։ Արդարեւ, այդ բոլորը Սուրիոյ հիւսիսին տեղակայուած թրքական զօրքերու դիտարկման յենակէտերուն տեսակէտէ անվտանգութեան խնդիրներ կը յառաջացնեն։ Թուրք զինուորները վերջերս թիրախ դարձան Սուրիոյ բանակի յարձակման։ Աւելի՛ն. այդ յարձակումներուն հետեւանքով գաղթանաց նոր ալիք մը կը ստեղծուի, ինչ որ հետեւանքներ կրնայ ունենալ Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Բանակցութիւններու ընթացքին թրքական կողմը յամառօրէն պահանջած է, որ դաշտի վրայ ժամ առաջ հանդարտութիւն ապահովուի եւ քաղաքական գործընթացը զարգացնելու առաջադրութեամբ առնուելիք քայլերու առաջնահերթութիւն ընծայուի։

Թրքական կողմը Սուրիոյ կառավարական զօրքերու կասեցման համար յամառօրէն կը պահանջէ մտշական հրադադարի մը հաստատուիլը։ Այլապէս, տարածքաշրջանէ ներս մարդասիրական տեսակէտէ շատ աւելի ողբերգական կացութիւն մը պիտի ստեղծուի։ Այս պահաջին զուգահեռ՝ Անգարա Սուրիոյ մէջ կը շարունակէ կուտակումներ կատարել։ Մինչ այդ, Սուրիոյ բանակի գործողութիւններն ալ կը շարուանակուին ամբողջ թափով։ Այս առումով թրքական կողմը իրերայաջորդ զգուշացումներ եւ ազդարարութիւններ կը հասցէագրէ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի վարչախումբին։ Իսկ վարչախումբը ներկայիս կը ձգտի երկրի հիւսիսին, Թուրքիոյ սահմանի մերձակայ շրջաններէն ներս իր հակակշռին տակ առնել երկու մայրուղիներ։ Եթէ այդ նպատակը իրականաց-ւի, ապա կառավարական զօրքերու հակակշռին տակ գտնուող շրջանները պիտի ընդլայնուին դէպի Լաթաքիա, այսինքն պիտի ձգուին դէպի Միջերկրականի ափը։ Թուրքիա անընդհատ կ՚ընդգծէ, որ շատ խիստ ձեւով պիտի փոխադարձէ եթէ Իտլիպի մէջ ու շրջակայքին որեւէ յարձակման ենթակայ մնան թրքական զօրքերու դիտարկման յենակէտերը կամ թրքական ռազմական տարրերը։ Անգարա այս պահանջը կը հիմնաւորէ նաեւ Սոչիի համաձայնութեան տրամադրութիւններով։ Վերջին բանակցութիւններու ընթացքին ռուսական պատուիրակութեան որդեգրած դիրքորոշման շուրջ ալ որոշ տեղեկութիւններ լոյս տեսած են ռուսական լրատուամիջոցներու մօտ։ Մոսկուա կը նախատեսէ արդիականացնել Սոչիի համաձայնութիւնը՝ ստեղծուած նոր իրավիճակին բերումով։ Ռուսական կողմը կ՚ակնկալէ, որ Թուրքիա պատասխանատուութիւն ստանձնէ արմատական տարրերու ապազինման ուղղութեամբ եւ նոր առաջարկներ կը յղանայ, որպէսզի բախումներէ զերծ գօտիներու սահմանները վերաձեւաւորուին։

Այս համայնապատկերին վրայ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ շաբաթավերջին յայտնեց, որ Թուրքիա անհրաժեշտը կ՚ընէ, եթէ Սուրիոյ սահմաններէն ներս տեղակայուած իր զօրքերուն հասանելիութեան խնդիր մը ունենայ։ Նախարարը շեշտեց, որ տարածքաշրջանը շուրջօրեայ վերահսկողութեան տակ կը գտնուի՝ անօդաչու թռչող սարքերով։

Երկուշաբթի, Փետրուար 10, 2020