«ԻՇԻՊ» ՍՈՒՐԻԱ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱ՞Յ

Սուրիոյ Տէր Զօր նահանգէն հասած լուրերը չարագուշակ են։

Խնդիրն այն է, որ Սուրիոյ կանոնական բանակի վաշտ մը ենթարկուած է յարձակման, որուն հետեւանքով ալ զոհուած են 26 զինուորներ։

Կը նշուի նաեւ, որ Սուրիոյ բանակի կողքին էր «Ալ Քուտս» ջոկատը, որ կը գործէ Ռուսաստանի հրամանատարութեան ներքոյ։

Ճիշդ է, որ ապահովական այս մակարդակի խլրտումները նորութիւն մը չեն, բայց եւ այնպէս, վերջին օրերուն բազմաթիւ հարթակներու վրայ սկսած է խօսք տարածուիլ՝ «ԻԿԻԼ»ի կամ «ԻՇԻՊ»ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւն) սուրիական դաշտ հաւանական վերադարձին մասին։

Անշուշտ այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ «ԻՇԻՊ»ի պատմութեան սեւ էջը երբեք չփակուեցաւ, այլ անհասկնալի կերպով «շրջուեցաւ» մասնաւորապէս 2017 թուականի վերջերուն ու յատկապէս Սուրիոյ բանակին տարած կարեւոր եւ համոզիչ յաղթանակներէն յետոյ։

Այդ ժամանակէն ետք մեծ թիւով արաբ վերլուծաբաններ տեղեկութիւններ շրջանառեցին՝ նշելով ու յայտարարելով, որ «ԻՇԻՊ» տակաւին «չէ վերջացած» ու անոր խլեակները փոխադրուած են Սուրիոյ կիսանապատային շրջան՝ «Ալ Պատիա»։ Մինչ ուրիշներ չափազանցութիւն կը համարէին այդ տեղեկութիւնները, անդին «ԻՇԻՊ»ի խմբակներ կ՚անցնէին ընդյատակեայ գործունէութեան փուլին ու ահա այսօր անոնք դարձեալ երեւան կու գան։

Այս կէտին կը ծագի կարեւոր հարցադրում մը, թէ արդեօք որո՞ւ կը ծառայէ «ԻՇԻՊ»ը եւ մասնաւորապէս այս փուլին, երբ կը կարծուէր, որ Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւնները արդէն իսկ մեր ետին մնացած է, անոնց հրապարակ գալը եւ նոյնիսկ «յաջող» ռազմական գործողութիւններ կատարելը ինչ-որ առումներով մեծ հարցադրումներու տեղի կու տան։

Հարկ է նաեւ հաշուի առնել, որ յատկապէս Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ եւ Իտլիպի շրջակայքէն հասնելով մինչեւ քրտական զօրամիաւորումներու տակ ինկած շրջաններ, նոյնիսկ մինչեւ ռազմական գործողութիւններու «բնական» վայր հանդիսացող Տէր Զօր, ռազմական մեծ կուտակումներ կը կատարուին։

Զինամթերքի եւ բանակային ուժերու կուտակումներ կը կատարեն Սուրիոյ բանակը, ռուսական զօրքերը, թրքականը եւ նոյնիսկ ամերիկեան բանակի զօրագունդերը։

Ամերիկեան բանակին զուգահեռ կարեւոր շեշտադրումներ ալ կան, որովհետեւ աւելի վաղ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սուրիոյ մասին յայտարարութիւններ կատարած էր ու հաւաստած՝ որ իրենք կամաց-կամաց մտադիր են խաղէն քաշուիլ։ Իսկ ներկայիս յստակօրէն ակներեւ կը դառնայ, որ ամերիկեան բանակի վերջին շարժումները այդքան ալ «միամիտ» չեն ու շատ հաւանական է, որ անոնք կը գծեն նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի Մերձաւոր Արեւելքի գիծին նոր սահմանները։

Անշուշտ այս փուլին մեր մտքերուն մէջ կ՚ուրուագծուի կարեւոր հարցում մը. արդեօք «ԻԿԻԼ»ը կամ «ԻՇԻՊ»ը որեւէ կապ ունի՞ ամերիկեան վարչակարգերուն հետ։ Հարցադրումը հռետորական չէ, այլ կապ ունի Սուրիոյ պատերազմի ընդհանուր օրագրութեան հետ, իսկ հարցումին պատասխանը կը թողունք մեր ընթերցողներուն։

Հիմա մէկ բան յստակ է, որ «ԻԿԻԼ» կամ «ԻՇԻՊ» կ՚ուզէ սուրիական բեմ վերադառնալ՝ միշտ յիշեցնելով իր գոյութեան մասին, որ տարբեր խաղերու եւ հաշիւներու հետեւանքով ալ չմտաւ պատմութեան սեւ էջերուն մէջ, այլ տակաւին կը գոյատեւէ ու կը համարուի լուրջ սպառնալիք, ինչպէս նաեւ մեծ խաղաքարտ բոլոր անոնց համար, որոնք կը պայքարին Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021