ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն կողմէ եռակողմանի ձեւաչափի մէջ ստեղծուած մասնագիտական ենթախումբի առաջին նիստը անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ առցանց ձեւաչափով։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, երկաթուղային եւ ցամաքուղային, նաեւ համակցուած փոխադրումներու հարցերով մասնագիտական ենթախումբի հեռավար ժողովին մասնակցեցան Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան պատասխանատուները։ Այս առթիւ քննարկուեցան տարանցիկ փոխադրումներ իրականացնելու համար տարածքաշրջանի երկաթուղային ցանցի ներկայ վիճակը, նաեւ ցամաքային հաղորդակցութեան ուղիներու հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը փոխանակեցին վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ սկզբնական  տեսակէտներ։

Ենթախումբերը պիտի շարունակեն մասնագիտական գնահատականներու շուրջ ապագայ քննարկումները։

ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Մինչ այդ, Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Ատրպէյճան երէկ երեկոյեան ժամերուն Հայաստանին վերադարձուց հինգ ռազմագերի։ Ռուսական օդանաւով մը ռազմագերիները հասան Երեւան։ Հայաստանի կողմէ ալ ռազմագերի մը վերադարձուեցաւ Ատրպէյճանին։

Հարկ է նշել, որ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին նախընթաց օր յայտարարած էր, թէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին հետեւանքով գերեվարուած հայերու հարցերով անձամբ կը զբաղի Վլատիմիր Փութին։ «Ես չեմ չափազանցեր, սա այն հարցն է, որով անձամբ կը զբաղի մեր երկրի նախագահը, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները։ Այս հարցի լուծումը հաւանական է, չ՚ըլլար ակնկալուածին չափ շուտ, սակայն, հաւատացէք առաւելագոյնը կը կատարուի ու ես վստահ եմ, թէ հաստատ պիտի լուծուի», ըսած էր Քոփիրքին։

Հարկ է նշել, որ վերջերս ՄԱԿ-ն ալ կոչ ուղղած էր, որպէսզի անյապաղ ազատ արձակուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գերեվարուած զինուորականներն ու այլ անձերը։

ԹԱԹՈՅԵԱՆ ԿԸ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒԻ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան վերջին շրջանին Ատրպէյճանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու կազմակերպուած յարձակումներուն թիրախը կը դառնայ։ Այդ շարժումին ներգրաւուած են նաեւ շարք մը երեսփոխաններ։ Երեւանի աղբիւրներու հաղորդումներով, յարձակումները կ՚ուղեկցուին Արման Թաթոյեանի պաշտօնէ հեռացման վերաբերեալ յայտարարութիւններուն, անոր դէմ ծայրայեղ վիրաւորանքներով, սպառնալիքներով եւ ատելութեամբ։ Թաթոյեանի սպառնալիքներ կը հասնին նաեւ անձնական նամակագրութեամբ։

Ինչպէս ծանօթ է, Արման Թաթոյեան վերջերս հետեւողականօրէն ահազանգ կը հնչեցնէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման աշխատանքներու անհանդուրժելի թերութիւններուն եւ այդ ամբողջին մէջ արձանագրուած իրաւական աններելի խախտումներուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021