ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ԽՏԱՆԱՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր հաւանաբար հեռախօսազրոյց մը ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ վերջին օրերուն շփումները որոշ չափով աշխուժացած են՝ ամերիկեան նոր վարչախումբի պաշտօնի գլուխ գալուն զուգահեռ։

«CNN-Türk»ի հաղորդումներով, Չավուշօղլու-Պլինքըն հաւանական հեռախօսազրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ կրնան գալ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ առկայ շարք մը հարցեր. օրինակ՝ «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, «Ֆ-35» ռազմաօդանաւերը, ՓՔՔ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան գործունէութիւնը եւ տարածքաշրջանային բնոյթով այլ հարցեր։ Հարկ է նշել, որ Պլինքըն անցեալի մէջ փոխ-նախարարի պաշտօն վարած էր եւ այդ շրջանէն Չավուշօղլու արդէն ծանօթութիւն ունի իրեն հետ։ Այժմու պաշտօնը ստանձնելէ վերջ Էնթընի Պլինքըն ցայսօր հեռախօսազրոյցներ ունեցած է շուրջ երեսուն երկրէ իր պաշտօնակիցներուն հետ։

Միւս կողմէ, հաւանական է, որ յառաջիկայ ամիսներուն նախատեսուած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի օրերուն ուղղակի տեսակցութիւն մըն ալ տեղի ունենայ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Էնթընի Պլինքընի միջեւ։

Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի Ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճեք Սալըվընի հետ։ Սա եղած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ նոր նախագահի պաշտօնի կոչուելէն վերջ բարձր մակարդակի առաջին շփումը կողմերուն միջեւ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021