ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԸ ԱՆՀԱՄԲԵՐ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը վեր­ջերս հեր­թա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով հան­դէս ե­կան՝ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի, մայր տա­ճա­րի եւ յա­րա­կից հա­մա­լի­րի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ կա­տա­րուած դա­տա­կան դի­մու­մին շուրջ։ Այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը խոր­քին մէջ ամ­փոփ բա­ցատ­րու­թիւն մըն է խնդրոյ ա­ռար­կայ նա­խա­ձեռ­նու­թեան ըն­թաց­քին ու ներ­կա­յիս հա­սած հանգ­րուա­նին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Յայտ­նի կը դառ­նայ նաեւ, որ վեր­ջերս դէ­պի Ժը­նեւ ու­ղե­ւո­րու­թեան մը ժա­մա­նակ, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը այս դա­տի ըն­թաց­քին ա­ռըն­չու­թեամբ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը կա­տա­րած է մաս­նա­գէտ­նե­րու հետ։ Ան­թի­լիա­սի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ զգա­լի է այս գոր­ծըն­թա­ցի եր­կա­րե­լուն բե­րու­մով յա­ռա­ջա­ցած ան­հանգս­տու­թիւ­նը, ո­րու հի­ման վրայ միշտ կը բարձ­րա­ձայ­նուի Եւ­րո­պայն մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեան (Ե­ՄԻԱ) դի­մե­լու մտադ­րու­թիւ­նը։ Ստո­րեւ նոյ­նու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նենք Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի սոյն յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։

Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձը պա­հան­ջող Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նին մօտ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան բա­ցած դա­տը, ինչ­պէս յա­ճախ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս կը շեշ­տէ, սո­վո­րա­կան դատ մը չէ. ան մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ու մեր ժո­ղո­վուր­դի՛ն դատն է։ Հե­տե­ւա­բար, անհ­րա­ժեշտ կը նկա­տենք յի­շեալ դա­տի զար­գա­ցում­նե­րուն մա­սին տե­ղեակ պա­հել մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, թէ ներ­կայ դա­տով հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն հա­րիւր տա­րի­ներ ետք ա­ռա­ջին ի­րա­ւա­կան քայլն էր որ կ՚առնուէր՝ ընդ­հան­րա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի բռնա­բա­րուած ի­րա­ւունք­նե­րու եւ յատ­կա­պէս բռնագ­րա­ւուած ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան ու ազ­գա­պատ­կան կա­լուած­նե­րու ծի­րէն ներս, ինչ­պէս նաեւ նկա­տի ու­նե­նա­լով հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն հայ ժո­ղո­վուր­դի բռնագ­րա­ւուած կա­լուած­նե­րու վե­րա­դար­ձը ար­գե­լա­կող թուրք կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն կող­մէ առ­նուած յա­ջոր­դա­կան շարք մը ո­րո­շում­նե­րը, ա­ռա­ւել, կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձի թղթած­րա­րին ըստ էու­թեան քա­ղա­քա­կան բնոյ­թը, դա­տի ի­րա­ւա­կան թղթած­րա­րին պատ­րաս­տու­թիւ­նը դիւ­րին չե­ղաւ։ Անց­նող շուրջ չորս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին գլխա­ւո­րու­թեամբ Թուր­քիոյ եւ Եւ­րո­պա­յի մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց դա­տա­րան­նե­րու օ­րէնք­նե­րու խումբ մը մաս­նա­գէտ­ներ եր­կար պրպտում­նե­րու, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու եւ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, մեր դա­տա­կան թղթած­րա­րը պատ­րաս­տե­ցին իր պատ­մա­կան ու ի­րա­ւա­կան ե­րես­նե­րով եւ զայն Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րան ներ­կա­յա­ցու­ցին 27 Ապ­րիլ 2015-ին, ինչ­պէս նա­խա­պէս հա­ղոր­դած էինք։

Դա­տի ներ­կա­յաց­ման թուա­կա­նէն մին­չեւ օրս հե­տե­ւեալ զար­գա­ցում­նե­րը ար­ձա­նագ­րուե­ցան.- ա) Դա­տը Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րան ներ­կա­յա­ցուե­լէ շուրջ եր­կու ա­միս ետք, դա­տա­րա­նը փաս­տա­թուղ­թեր պա­հան­ջեց՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին դատ բա­նա­լու ի­րա­ւա­կան կար­գա­վի­ճա­կը հաս­տա­տող։ Օ­րին, այս ուղ­ղու­թեամբ անհ­րա­ժեշտ փաս­տա­թուղ­թե­րը փո­խան­ցուե­ցան դա­տա­րան։ բ) 1 Մարտ 2016-ին, Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի փաս­տա­բա­նը Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նին յու­շա­գիր մը յղեց՝ պա­հան­ջե­լով դա­տա­կան ունկնդ­րու­թեան նիստ։

Թրքա­կան Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նի լռու­թեան դի­մաց, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ա­ռա­ջար­կով եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ, 5 Մարտ 2016-ին, Ժը­նե­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դա­տին ի­րա­ւա­կան խմբա­կի հան­դի­պու­մը, ո­րուն հիմ­նա­կան նպա­տակն էր մէկ կող­մէն Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նին մօտ մեր դա­տին գոր­ծըն­թաց­ը ա­րա­գաց­նող կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու քննար­կու­մը, եւ միւս կող­մէ Եւ­րո­պա­յի մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց դա­տա­րա­նին ուղ­ղու­թեամբ քայ­լեր առ­նե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու յստա­կե­ցու­մը՝ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նին կող­մէ որ­դեգ­րուե­լիք հա­ւա­նա­կան մօ­տե­ցում­նե­րուն լոյ­սին տակ։

Դա­տա­րա­նին կող­մէ մեր դա­տին քննար­կու­մը ա­րա­գաց­նե­լու նպա­տա­կով, ժո­ղո­վը լսեց թուրք փաս­տա­բան­նե­րուն եւ յանձ­նա­խում­բին փո­խան­ցուած Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թեան մօ­տէն ծա­նօթ եր­կու մաս­նա­գէտ­նե­րու տե­սա­կէտ­նե­րը։ Այս ծի­րէն ներս պար­զուե­ցաւ, որ ներ­կա­յիս Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նի սե­ղա­նին վրայ մեծ թի­ւով քննար­կուե­լիք թղթած­րար­ներ կան, նոյ­նիսկ 2012 թուա­կա­նէն ի վեր։ Եւ մեկ­նե­լով այն ի­րո­ղու­թե­նէն, որ ա) Դա­տա­րա­նը ի­րա­ւունք ու­նի, եւ օ­րի­նակ­նե­րը բազ­մա­թիւ են, իր հա­յե­ցո­ղու­թեամբ դա­տա­կան քննու­թեան հա­մար թղթած­րար­նե­րու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն հաս­տա­տե­լու, նկա­տի ու­նե­նա­լով ներ­կա­յա­ցուած դա­տե­րուն բնոյթն ու ան­մի­ջա­կա­նու­թիւ­նը. բ) նկա­տի ու­նե­նա­լով Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձի պա­հանջ­քի դա­տին նա­՛եւ քա­ղա­քա­կան բնոյ­թը, կրնայ մեր դա­տը Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նին կող­մէ նկա­տուիլ «ոչ ա­ռաջ­նա­հեր­թ» եւ հե­տե­ւա­բար, դա­տա­րա­նը կրնայ որ­դեգ­րել ձգձգու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն։

Փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու եւ կա­տա­րուած մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դա­տին ի­րա­ւա­կան խմբա­կը եզ­րա­կա­ցուց հե­տե­ւեա­լը.- 1) Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նին մօտ մեր կող­մէ լիա­զօ­րուած փաս­տա­բա­նը պէտք է շա­րու­նա­կէ յի­շեց­ման յու­շա­գիր­ներ ներ­կա­յաց­նել դա­տա­րա­նին։ 2) Յու­շա­գիր­նե­րը ստա­նա­լէ ետք դա­տա­րա­նը կրնայ ե­րեք հա­ւա­նա­կան մօ­տե­ցում­ներ որ­դեգ­րել.- ա) լուռ մնալ. բ) պար­զա­պէս յու­շա­գիր­ներ ստա­ցած ըլ­լա­լը հաս­տա­տել. գ) յայտ­նել, թէ հարկ է թղթած­րա­րի քննարկ­ման հա­մար դա­տա­րա­նին կող­մէ ճշդուե­լիք թուա­կա­նին սպա­սել։

Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նին յի­շեալ հա­ւա­նա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը փաս­տօ­րէն կ՚են­թադ­րեն դա­տի քննարկ­ման ձգձգում։ Այս պա­րա­գա­յին անհ­րա­ժեշտ է.- Ա­ռա­ջին, «տրա­մա­բա­նա­կան ժա­մա­նա­կ» մը սպա­սել եւ ա­պա դի­մել Եւ­րո­պա­յի մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց դա­տա­րան, ո­րու կա­նո­նագ­րու­թեան 6-րդ յօ­դուա­ծին հա­մա­ձայն, ո­րե­ւէ դա­տի գծով յատ­կա­ցուած «տրա­մա­բա­նա­կան ժա­մա­նա­կի» խախ­տու­մը, ի­րա­ւունք կու տայ ըն­դու­նիլ ի­րեն ներ­կա­յա­ցուած դատ մը։ Երկ­րորդ, Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նին մօտ կա­տա­րուե­լիք հե­տապն­դում­նե­րուն զու­գա­հեռ պատ­րաս­տել Եւ­րո­պա­յի մարդ­կա­յին իրա­ւանց դա­տա­րան ներ­կա­յաց­նե­լու մեր դա­տի թղթած­րա­րը՝ յա­րա­բե­րա­բար Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նին որ­դեգ­րե­լիք հա­ւա­նա­կան մօ­տե­ցում­նե­րուն կամ ո­րո­շում­նե­րուն։

Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին ի­րա­ւա­կան յանձ­նա­խում­բը պատ­րաս­տեց անգ­լե­րէն լե­զուով հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, զոր կու տանք թարգ­մա­նա­բար.- Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձը պա­հան­ջող եւ ե­զա­կի նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող դա­տին առըն­չուած աշ­խա­տանք­նե­րու ծի­րէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս Մարտ 5-ին, Ժը­նե­ւի մէջ, հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ յի­շեալ դա­տով զբա­ղող ի­րա­ւա­կան յանձ­նա­խում­բին հետ։ Հան­դի­պու­մին նպա­տակն էր քննել 27 Ապ­րիլ 2015-ին Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րան ներ­կա­յա­ցուած դա­տին ներ­կայ հանգ­րուա­նը։ Յի­շեալ դա­տով Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը կը պա­հան­ջէ Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­հաս­տա­տու­մը։ Ար­դա­րեւ, մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի ու 1923-ի Լո­զա­նի դաշ­նագ­րին հա­մա­ձայն, Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պար­տա­ւոր է կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին կա­լուա­ծը վե­րա­դարձ­նել, որ­պէս­զի գոր­ծա­ծուի կրօ­նա­կան պաշ­տա­մուն­քի հա­մար։ Յի­շեալ դա­տին քննու­թիւ­նը ա­րա­գաց­նե­լու նպա­տա­կով, Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի փաս­տա­բա­նը վեր­ջերս յու­շա­գիր մը ներ­կա­յա­ցուց Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րան՝ դա­տա­կան ունկնդ­րու­թեան նիստ պա­հան­ջե­լով։ Ե­թէ Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կա­մա­ւո­րա­պէս չվե­րա­դարձ­նէ Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը եւ կամ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նը չո­րո­շէ վե­րա­դարձ­նել կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը, ինչ­պէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս նա­խա­պէս յայ­տա­րա­րած է, յի­շեալ դա­տը պի­տի ներ­կա­յա­ցուի Եւ­րո­պա­յի մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց դա­տա­րան, ո­րուն ար­ձա­կած վճի­ռը Թուր­քիան պար­տա­ւոր է գոր­ծադ­րե­լ։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016