103 ՕՐՈՒԱՆ ԼՈՒՐՋ ՊԱՅՔԱՐ

Անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն կող­մէ Սու­րի մէջ, Տի­ար­պա­քըր, ձեռ­նար­կուած հա­կաա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ե­րէկ հա­սան ի­րենց ա­ւար­տին։ 28 Նո­յեմ­բեր 2015 թուա­կա­նին սկսած էին այդ լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք տե­ւե­ցին հա­րիւ­րե­րեք օր։

Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էֆ­քեան Ա­լա ե­րէկ այս կա­պակ­ցու­թեամբ հան­դէս ե­կաւ ման­րա­մասն բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով։ Ըստ ի­րեն, գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով փա­կուած է 243 փոս ու ոչն­չա­ցուած 354 պայ­թու­ցիկ սարք։ Բա­նա­կին ու ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ հա­մա­տեղ յա­ռաջ տա­րուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ յայտ­նա­բե­րուած են՝ զէնք, զի­նամ­թերք, ծանր զէն­քեր եւ հռթիռ­ներ։ Էֆ­քեան Ա­լա մատ­նան­շեց, որ ներ­կա­յիս խու­զար­կում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին՝ հայ­րե­նա­կից­նե­րու անվ­տան­գու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար։

Սու­րէն հա­սած այս լու­րե­րէն վերջ, ե­րէկ հա­ղոր­դուե­ցաւ նաեւ, որ Թուն­ճե­լիի մէջ տաս­ն­­մէկ շրջան Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի ո­րո­շու­մով դար­ձած է մաս­նա­ւոր անվ­տան­գու­թեան գօ­տի։ Այս դրու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ Սեպ­տեմ­բե­րի 1-ը։

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու եւս է­րէկ խօ­սե­ցաւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ մղուած պայ­քա­րին։ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ ան այս նիւ­թին անդ­րա­դար­ձաւ՝ 2016 թուա­կա­նի պե­տա­կան պիւտ­ճէի հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­նա­լուն առ­թիւ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ա­տեն։ Իր խօս­քե­րով, երկ­րի ո­րե­ւէ մէկ ան­կիւ­նին բա­ցար­ձա­կա­պէս թոյլ պի­տի չտրուի զի­նեալ ու­ժի մը։

Բաց աս­տի, թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ե­րէկ սահ­մա­նէ դուրս ալ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցին ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Այս­պէս, ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը ռմբա­կո­ծե­ցին Հիւ­սի­սա­յին Իրա­քի Քան­տի­լի շրջա­նը։

Միւս կող­մէ, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին մա­սին։ Ան յայտ­նեց, որ Պել­ժիա զգայ­նու­թիւն չի դրսե­ւո­րեր ՓՔՔ­-ա­կան­նե­րու եւ ՏՀՔՓ-Ճ-ա­կան­նե­րու յանձ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ան հա­մո­զուած է, որ կրկնա­կի չա­փա­նիշ­ներ պէտք չէ օգ­տա­գոր­ծուին ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յի­ն։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016