ՓՈՔՐԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԱՌԿԱԽԵԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ԴՐԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախուած ընտրութիւններու հարցը կը շարունակէ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ 2013 թուականէն ի վեր փոքրամասնական համայնքները հնարաւորութիւն չեն ունենար իրենց համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարութեանց կազմերը վերանորոգելու։ Եօթ տարուան վաղեմութեամբ այս հարցը շատ լուրջ դժուարութիւններ կը յառաջացնէ փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը առկախած է ընտրութիւններու կանոնադրութիւնը եւ այս հարցին դրսեւորումները խնդրայարոյց կացութիւն կը յառաջացնեն փոքրամասնութիւններու կեանքին մէջ։

Երէկ, www.gercekgundem.com կայքէջը անդրադարձաւ այս հարցին։ Ըստ կայքէջի հաղորդումներուն, եօթ տարի վերջ առաջին քայլ մը առնուեցաւ՝ փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու այս խնդրի լուծման համար։ Այսպէս, կանոնադրութեան պատրաստութիւնները աւարտելէ վերջ, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը համապատասխան օրէնսդրական կարգադրութեան նախագիծը ներկայացուց Հանրապետութեան նախագահութեան։ Առայժմ այդ նախագծի բովանդակութեան շուրջ տեղեկութիւններ գրեթէ չկան, սակայն կ՚ակնկալուի, որ փութով հրապարակուի համապատասխան որոշմնագիրը։

Լրատուութեան մէջ տեղ տրուած է Յունական վաքըֆներու խրախուսման միութեան՝ RUMVADER-ի նախագահ Անտոն Փարիզիանոսի դիտարկումներուն եւ խորհրդածութիւններուն։ Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է տուեալ փոքրամասնական համայնքի առանձնայատկութիւններուն եւ անոնցմէ բխած ուրոյն կարիքներուն վրայ։ Անտոն Փարիզիանոս նշած է, որ վերջերս զանազան հանդիպումներ ունեցած են Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխ-նախարար Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճանի հետ՝ ներկայութեամբ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի, որ նոր կոչուած է այդ պաշտօնին։ Ըստ Փարիզիանոսի, Պուրհան Էրսոյ քաջատեղեակ է այս բոլոր խնդիրներուն եւ իրենց տեղեկացուցած է, որ նախապատրաստական աշխատանքները կատարելէ վերջ համապատասխան թղթածրարը ուղարկած են Հանրապետութեան նախագահութիւն։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2020