ԴԷՊԻ ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳ

Երեւանի մէջ տեսակցեցանք վերլուծաբան Յակոբ Պատալեանի հետ, որու կարծիքը շօշափեցինք Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան, տարածքաշրջանէ ներս Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ Հայաստանի առկայ կացութեան շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր զրոյցի սղագրութիւնը։

*

-Վերջին շրջանին շատ շահարկուեցաւ Թուրքիոյ արձագանգը Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան յայտնի զգայացունց յայտարարութեան շուրջ: Հրապարակուեցան թեր ու դէմ կարծիքներ եւ յաճախ ալ ծայրայեղ մօտեցումներ։ Որպէս վերլուծաբան՝ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Անգարայի այդ արձագանգը:

-Առաջին հերթին կը կարծեմ, թէ արձագանգը պայմանաւորուած էր այն նոր իրավիճակով, որ ստեղծուեցաւ Արցախի պատերազմէն յետոյ։ Նոր կարգավիճակի (սթաթիւքօ) տնօրինող յարաբերակցութիւնը կայ: Այս նոր վիճակին մէջ առանցքային է. այլեւս արձանագրուած փաստ մըն է, որ Թուրքիա տարածքաշրջանի մէջ պիտի համարուի Կովկասի պարեկը: Հիմա ռուս-թրքական այդ համաձայնութիւնը՝ մասնաւորապէս, Աղտամի համատեղ դիտարկման կեդրոնին առումով, ինչ որ իմաստով կ՚արձանագրէ, որ Ռուսաստան կը ճանչնայ Կովկասէ ներս Թուրքիոյ գոյութիւնը։ Թրքական արձագանգը ես առաւելապէս կը պայմանաւորեմ այն հանգամանքով, որ ան Հայաստանի ներքին գործընթացները կը դիտարկէ, տարածքաշրջանային իրավիճակի տեսանկիւնէն։ Հետեւաբար, կը կարծեմ, թէ Թուրքիոյ առաջնային պատգամը ուղղուած է Ռուսաստանին։ Թուրքիոյ մէջ լաւ կը պատկերացնեն, որ Հայաստանի մէջ այս ծաւալի գործընթացներ եւ յատկապէս՝ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան ներգրաւում չի կրնար տեղի ունենալ առանց Ռուսաստանի՝ առնուազն իմացութեան։ Բայց Թուրքիոյ պատգամը առաւելապէս կը դիտարկեմ Ռուսաստանին ուղղուած, որովհետեւ անոնք այլեւս քանի մը տարածքաշրջանի մէջ համապարեկութիւն կ՚իրականացնեն, այլեւս անոնց համար չկան առանձին հարցեր եւ Հայաստանի ներքաղաքական հարցերը եւս պէտք է անոնց միջեւ քննարկուին։

Երկրորդը՝ ի հարկէ, որ Անգարայի մէջ շատ լաւ կը պատկերացնեն, թէ իրենց յայտարարութիւնները Հայաստանէ ներս պիտի դառնան ներքաղաքական շրջանառութեան առարկայ։ Կառավարութեան ի նպաստ այդ աջակցութիւնը, կը կարծեմ՝ արտայայտուած է հակառակ ազդեցութեան հաշուարկով, գիտնալով, որ ընդդիմութիւնը զայն պիտի գործածէ՝ որպէս խաղաքարտ: Ես կը կարծեմ նաեւ, որ կայ Թուրքիոյ համար ընդհանրապէս նիւթի զգայունութիւնը՝ հաշուի առնելով այն վատ փորձառութիւնը կապուած յեղաշրջումներու հետ։

-Նկատելի է արդէն, որ իշխանութիւնը դժուարութիւններ ունի երկրի յետպատերազմեան իրավիճակը կայունացնելու առումով: Կառավարութիւնը անհանգիստ է, վարչապետը անհանգիստ է եւ ստիպուած՝ յաճախ դիմելու հանրահաւաքներու նման քայլերու: Դէպի ո՞ւր կ՚երթայ Փաշինեանի կառավարութիւնը:

-Ներկայիս, Փաշինեանի կառավարութիւնը կը փորձէ ընդամէնը լուծել իշխանութեան ամրացման հարցեր։ Այսինքն, մենք կը տեսնենք արմատական ընդդիմութիւն, որ հիմնականին նախկին կառավարած համակարգը կը ներկայացնէ եւ կը փորձէ օգտագործել պատերազմի առիթը՝ քաղաքական իշխանական խնդիրներ լուծելու համար։ Ես այլ նպատակ առայժմ, ցաւօք սրտի, չեմ նշմարեր, որովհետեւ այլ նպատակի պարագային՝ պէտք է ըլլար նաեւ քաղաքական պայքարի այլ բովանդակութիւն։ Այդ բովանդակութիւնն ալ չկայ, այսինքն չկան այն հարցերը, թէ դէպի ո՞ւր պէտք է երթայ Հայաստանը այս նոր իրավիճակին մէջ: Թէ մենք ընդհանրապէս պետական ինչպիսի՞ զարգացում մը կը պատկերացնենք։ Տարածքաշրջանին մէջ յարաբերութիւնները նոր դերակատարներու կամ ուժային նոր յարաբերակցութեան շրջածիրէն ներս ինչպէ՞ս կը  կանխատեսենք։ Այս բոլորին շուրջ խօսակցութիւն չկայ։ Սա թոյլ կու տայ ըսելու, որ այս պայքարը ընդամէնը իշխանութեան համար մղուած պայքար մըն է եւ պատերազմի ցաւալի պարտութիւնը կը դիտուի, ընդհանրապէս, որպէս առիթ: Փաշինեանի կառավարութիւնը մէկ կողմէ ստիպուած է դիմագրաւել այս մարտահրաւէրը եւ իր հերթին պայքարիլ իշխանութիւնը պահելու համար, իսկ միւս կողմէ ալ՝ որպէս կառավարութիւն, պարտադրուած է վարել պետական քաղաքականութիւն։ Ի հարկէ, ներքին վիճակը զգալիօրէն կը սահմանափակէ կարողութիւններն ու ներուժը, բայց, այդուհանդերձ, նաեւ այս իմաստով կառավարութիւնը շատ քիչ կը խօսի հանրութեան հետ ապագայի վերաբերեալ։ Այսինքն, խօսակցութիւնը հիմնականօրէն հռչակագրային բնոյթ ունի եւ առարկայական խօսակցութիւն արդէն շատ յստակ նիւթերու շուրջ եւ շատ յստակ բովանդակութեամբ եւ նոր գաղափարներու ուղղութեամբ չկայ: Սա է Հայաստանի պատկերը ընդհանուր առմամբ եւ իմ կարծիքով՝ այս պատկերին մէջ մեծ դեր ունի Ռուսաստան, որ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակով էապէս մեծցուցած է Հայաստանի կախուածութիւնը իրմէ։ Փաստ է, որ անվտանգային համակարգը ամբողջութեամբ ռուսական խնամքին տակ է եւ, բնականաբար, Ռուսաստանն ալ Հայաստանը կը դիտարկէ՝ որպէս իր տարածքաշրջանային քաղաքականութեան առանցքային լծակներէն մին։ Հայաստանի մէջ որքան որ վիճակը անկայուն է եւ թոյլ չի տար, որ երկիրը վերականգնէ իր ինքնիշխանութիւնը կամ մտածէ անոր մասին՝ այդքան աւելի Հայաստանը կառավարելի կը դառնայ Ռուսաստանի համար, իր տարածքաշրջանային յարաբերութիւններու գործընթացներուն մէջ օգտագործելի ըլլալու տեսակէտէ։

-Քիչ չեն անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ «Ղարաբաղեան ծրար»ի վերաբերեալ ստեղծուած է «նոր» տարածքաշրջան մը, այսինքն նոր ճանապարհներ, նոր երկաթուղիներ, նոր իրավիճակ: Ըստ երեւոյթին, Ռուսաստանն ու Թուրքիան ունին նոր ծրագիրներ միասին կառուցելու համար նոր Կովկաս մը: Նախագահ Էրտողան քանիցս խօսեցաւ նոր Կովկասի մը մասին, իսկ նախարար Չավուշօղլու այդ դիտարկումը աւելիով մանրամասնեց եւ կարեւորեց «3+3» հարթակը։ Այս բոլորը ինչքանո՞վ իրականութիւն կը դառնան եւ արդեօք Հայաստան այս վիրաւոր վիճակով պատրա՞ստ է նոր գործընթացներուն։

-Հայաստանի համար, ի հարկէ, այստեղ կան մարտահրաւէրներ՝ այն առումով, թէ ի՞նչ գին պիտի արժէ տարածքաշրջանային այս նոր իրավիճակը։ Մենք արդէն շատ ծանր գին վճարած ենք պատերազմի հետեւանքով եւ այստեղ շատ բան պարզ չէ։ Արդեօք այդ 6-ի գործակցութեան պարագային Թուրքիա ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնը: Այսօր, երբ Թուրքիոյ հռետորաբանութիւնը կը լսենք, այդ մէկը ուժի դիրքերու հռետորաբանութիւն մըն է. այսինքն՝ «եթէ Հայաստանը խելօք մնայ ու չափերը գիտնայ» տրամաբանութիւնը։ Սա Թուրքիոյ ուժի դիրքերէն կը բխի, բայց նաեւ անընդունելի եւ ապակառուցողական տրամաբանութիւն մըն է։ Սա բացարձակապէս չի նպաստեր Հայաստանի՝ այդպիսի ձեւաչափերու նկատմամբ վստահութեան մակարդակ մը ունենալուն։ Առաւել եւս, երբ մենք անցած ենք արիւնալի պատերազմէ մը, ուր Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը բացայայտ էր եւ եթէ չըլլար այդ ներգրաւուածութիւնը, ապա ոչ միայն չէր ըլլար պատերազմը, այլ նաեւ չէր ունենար այդպիսի հետեւանք: Այս տեսանկիւնէն դիտուած գաղափարները ներկայիս աւելի շատ դիրքային պայքարի շրջանակէն ներս են՝ քան իրենց առարկայական հեռանկարը: Աւելի՛ն, իմ գնահատմամբ՝ այստեղ խնդիրը միայն Թուրքիա-Հայաստան դաշտը չէ։ Կայ նաեւ Ռուսաստան-Թուրքիա դաշտին մէջ գործակցութեան զուգահեռ՝ ռազմավարական մրցակցութեան տարր մը։ Այստեղ կողմերը կը խուսափին սուր անկիւններու մասին խօսելէ, բայց անոնք կա՛ն եւ երկուստեք շատ լաւ կը պատկերացնեն, որ այս հանգամանքը դեռ եւս կ՚ենթադրէ դիրքային պայքար Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Իմ կարծիքով՝ նոյնիսկ այս տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ համակեցութեան դրութիւնը իրականութեան բերելու Ռուսաստանի աշխուժութիւնը պայմանաւորուած է նոյն գործօններով։ Մոսկուայի մէջ կը սպասեն Անգարայի նորանոր յարձակողական գործողութիւններուն տարածքաշրջանէն ներս։ Ես նկատի չունիմ անպայման ռազմական յարձակողականութիւնը, այլեւ՝ խօսքը կը վերաբերի քաղաքական նախաձեռնողականութեան՝ դիրքերը ամրացնելու ուղղութեամբ։ Այսօր Ռուսաստան Արեւմուտքի հետ դիմակայութեան մէջ կը թուլանայ, աւելի ու աւելի կը կորսնցնէ իր ներուժը։ Թէկուզ տեղային մրցակցութեան իմաստով, ի վերջոյ այս պատերազմը փաստ էր, որ Ռուսաստան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ առաջուան նման յառաջատարի դիրքերու վրայ չէ։ Թուրքիա կը շարունակէ մնալ ՆԱԹՕ-ի անդամ՝ որքան որ ալ Արեւմուտքի հետ ունի շատ լուրջ հակասութիւններ։ Այդուհանդերձ թէ՛ Արեւմուտքը եւ թէ Թուրքիան կը հասկնան, որ զիրար ձգելը փոխադարձաբար շահաւէտ չէ եւ սա եւս խնդիր է Ռուսաստանի համար: Մենք կը տեսնենք, որ Ռուսաստան ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի Թուրքիան անջատէ ՆԱԹՕ-էն եւ կարողանայ ամուր խօսիլ անոր հետ: Բայց, այս բանը հաշուի առնելով Թուրքիան չ՚երթար ՆԱԹՕ-էն անջատուելու քայլին: Ես կը կարծեմ՝ տակաւին շատ բաներ անորոշ են գործակցութեան կայուն ձեւերու մասին խօսելու համար: Ամփոփելով ըսեմ, որ կը կարծեմ՝ թէ Կովկասի մէջ փլուզուեցաւ աշխարհակարգի տարածքաշրջանային մասը եւ տակաւին չկայ յստակութիւն նոր աշխարհակարգի հիմնական կմախքի առումով։ Կովկասի մէջ անորոշութիւնը, ինչպէս նաեւ դիրքային պայքարը դեռ պիտի շարունակուին: Ի դէպ, օրերս Պայտընի վարչակազմը հրապարակած է ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան նոր ռազմավարութիւնը, ուր հետաքրքրական դիտարկում մը կայ։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի միակ մրցակիցը այսօր Չինաստանն է։ Մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ Փեքին ինչպէ՞ս պիտի խաղայ Կովկասի մէջ, բայց ակնյայտ է, որ կը պատրաստուի էական խաղի եւ կը սպասէ իրեն համար յարմար ժամկէտի:

-Արդեօք Հայաստանի մէջ այսօր կա՞ն մարդիկ, որոնք կը մտածեն, թէ Պայտընի վարչակազմը ձեւով մը աւելի աշխոյժ պիտի մասնակցի Կովկասի այսօրուան գործընթացներուն՝ յատկապէս յետպատերազմեան իրավիճակին։ Կա՞յ այդպիսի բան եւ ինչքա՞ն են հնարաւորութիւնները, որպէսզի ԱՄՆ շրջէ իրավիճակը:

-Կը կարծեմ՝ բաւական լուրջ հիմքեր կան մտածելու, որ Միացեալ Նահանգներ կրնայ աշխուժացնել իր անմիջական խաղը։ Մենք տեսանք, որ Թրամփի նախագահութիւնը լրիւ հակառակն էր։ Այսինքն՝ անոնք ետ քաշուեցան Կովկասէն եւ պատերազմը մեծ հաշուով ԱՄՆ-ի յառաջացուցած պարապութեան հետեւանքն էր։

Հիմա կայ հարցադրում մը. ԱՄՆ կ՚երթա՞յ անմիջական քայլերու, թէ ոչ կը դիտարկէ տարածքաշրջանը Թուրքիոյ միջոցաւ խաղալով եւ ռուս-թրքական կրկնակի զսպման մեքենականութիւն կիրառելով։ Այսինքն՝ Թուրքիան Ռուսաստանի դէմ եւ փոխարէնը՝ Ռուսաստանը օգտագործելով Թուրքիան հակակշռելու համար... Կը կարծեմ՝ այս հանգամանքը կախում ունի, որ Պայտընի վարչակազմը ի՞նչ մարտավարութիւն պիտի որդեգրէ Իրանի հարցով. կ՚ըլլա՞յ դիւանագիտական գործընթաց, թէ ոչ շեշտը կը դրուի ուժային տարբերակներու վրայ։ Եթէ դէպքերը զարգանան երկրորդ տարբերակով, ապա ԱՄՆ կը շարունակէ քիչ մը ետ քաշուած մնալ։ Իսկ եթէ դիւանագիտական գործընթացը գերակայ դառնայ, ապա ան կ՚աշխուժացնէ իր անմիջական մասնակցութիւնը: Յամենայնդէպս, Պայտընի պաշտօնամուտէն ետք եղան ազդակներ՝ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն ուղղութեամբ։ Անոնք թոյլ կու տան խօսելու, որ ԱՄՆ կը դիտարկէ անմիջական գործունէութեան տարբերակը Հայաստանի միջոցաւ։ Այսինքն աշխուժանալով Հայաստանի մէջ՝ աշխուժանալ տարածքաշրջանէ ներս։ Այստեղ յիշենք, որ Պայտընի պաշտօնամուտէն անմիջապէս ետք Հայաստանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանը յօդուած մը հրապարակեց հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու հեռանկարին վերաբերեալ։ Կը կարծեմ, թէ Հայաստան պէտք է փորձէ առաւելագոյնս օժանդակել այս գործընթացին, որովհետեւ որքան շահերը բազմազան դառնան մեր տարածքաշրջանին մէջ՝ այնքան մեր ճկունութեան հնարաւորութիւնը կը բարձրանայ: ԱՄՆ նաեւ կրնայ շինիչ գործօն մը ըլլալ՝ որոշակի աշխատանքի պարագային, հայ-թրքական յարաբերութեան այլընտրանքային հովանաւորի տեսանկիւնէն։ Մենք հիմա կը տեսնենք իրավիճակ մը, ուր հայ-թրքական յարաբերութեան հեռանկարը էապէս կախեալ է Ռուսաստանէն՝ հաշուի առնելով Հայաստանի վրայ անոր ազդեցութիւնը: Կը կարծեմ՝ Հայաստանի համար այլ խաղացողներու եւ այլ շահերու ներգրաւումը թոյլ կու տայ հասնիլ ճկունութեան մակարդակի եւ ձեւաւորել միջավայր մը, ուր կը նշմարուին հայ-թրքական երկխօսութեան հեռանկարներ: Այստեղ շատ բան նաեւ մեզմէ կախեալ է։

-Հայաստանի մէջ բոլորը ձեւով մը կը խօսին արտահերթ ընտրութիւններու մասին։ Մարդիկ պայմաններով կը խօսին՝ ընդդիմութիւնը Փաշինեանի անձը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ եւ կ՚առաջարկէ ընտրութիւններ՝ առանց անոր։ Իսկ իշխանութիւնը, որ երէկ կ՚ըսէր՝ կարիք չկայ ընտրութիւններու, վերջին հանրահաւաքին կամ ու կացի մօտեցում ցուցաբերեց: Ի վերջոյ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ հանգուցալուծումը մեր այսօրուան քաղաքական տագնապին:

-Լիարժէք հանգուցալուծումը պէտք է ըլլայ քաղաքական։ Ես չեմ տեսներ, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ կայ կողմերէն մէկուն՝ միւսին դէմ յաղթանակի տարբերակը: Եթէ նոյնիսկ անոնցմէ մին հասնի յաղթանակի, ապա այդ մէկը կ՚ըլլայ «Կիւրոսեան յաղթանակ»։ Այսինքն, կարճաժամկէտ յաղթանակ, որովհետեւ պիտի ստեղծէ նոր լարուածութիւն եւ այդ լարուածութիւնը ձեւով մը ամէն պահ պիտի պայթի: Այս պատճառով այլընտրանք չկայ՝ բացի քաղաքական հանգուցալուծումէն: Բայց հիմա կողմերը շատ կոշտ դիրքորոշում ունին՝ յատկապէս արմատական ընդդիմութիւնը, որովհետեւ իշխանութեան հռետորաբանութեան մէջ կը տեսնենք երկխօսութեան ազդակներ՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ անոնք կրնան ռազմավարական մօտեցումներ ըլլալ։ Սակայն արմատական ընդդիմութիւնը պատրաստ չէ երկխօսութեան։ Ընդդիմութեան մօտ առկայ կարծրութիւնը քաղաքական բովանդակութիւն չունի, այլ անձնական հարթութեան վրայ է այդ ապակառուցողականութիւնը։ Ի հարկէ, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան ներգրաւումով ստեղծուած փակուղին ա՛լ աւելի բարդացուց վիճակը: Լուծման միակ ճանապարհը արտահերթ ընտրութեամբ այս կացութենէն դուրս գալն է։ Պարզապէս խնդիրը այն է, թէ ինչպէ՞ս կողմերը պիտի տարուին համաձայնութեան դաշտ: Սա կարելի է յաջողցնել ընդդիմադիր ուժերուն հետ առանձին-առանձին աշխատելով։ Արդարեւ, անոնց միջեւ ալ կայ պայքար, առնուազն երկու նախկին նախագահներուն՝ Սերժ Սարգիսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի միջեւ, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ առաջնորդը: Այս պայքարէն ալ շատ բան կախուած է ընդհանուր դիրքորոշման իմաստով. օրինակ՝ Քոչարեան արտայայտուեցաւ արտահերթ ընտրութիւններուն ի նպաստ, եթէ նոյնիսկ Փաշինեան մնայ վարչապետ եւ սա արդէն կրնայ ապահովել քաղաքական հանգուցալուծում։ Միեւնոյն ատեն Սերժ Սարգսեան արտայայտեց լրիւ հակադիր դիրքորոշում մը: Կը կարծեմ նաեւ, թէ Փաշինեան կը փորձէ «խաղալ» այս մրցակցութեան վրայ:

-Հայաստանի շատ մը «գիտակ» վերլուծաբաններ պատերազմ կը նախատեսէին այս մարտին։ Ի՞նչ եղաւ այդ բանը:

-Ես պատերազմի նիւթին, ընդհանրապէս, կը վերաբերիմ հետեւեալ ձեւով. մեր տարածքաշրջանէն ներս մշտապէս կայ պատերազմական վտանգ, որովհետեւ կան բազմաթիւ չլուծուած հարցեր, կայ փլուած աշխարհակարգ եւ նոր աշխարհակարգ ձեւաւորելու առումով Կովկասը առանցքային շղթաներէն մին է։ Հետեւաբար, այդ նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման խաղերէն մէկը պատերազմն է։ Ուստի, միշտ պէտք է առաջնորդուիլ պատրաստ ըլլալու տրամաբանութեամբ: Բայց կանխատեսել, որ պատերազմը այսօր կամ վաղը կը սկսի՝ չունիմ բաւարար տեղեկութիւն:

Կը կարծեմ՝ լայնածաւալ գործողութիւններու հիմք մը չկայ այսօր քանի մը պատճառով: Այդ լայնածաւալ գործողութիւնները ներկայիս որեւէ խաղացողի պէտք չեն, որովհետեւ այդ մէկը կը նշանակէ Ռուսաստան-Թուրքիա անմիջական բախում։ Երկուքն ալ կը խուսափին այդ բանէ, որովհետեւ անոնք կը հասկնան, թէ մեծ պատերազմ մը չափազանց անկանխատեսելի եւ աղիտալի պիտի ըլլայ: Կը կարծեմ՝ ամբողջ խնդրին մեխը Իրանին կը վերաբերի։ Թէ ինչպիսի՞ գործելաոճի մը հետամուտ կ՚ըլլայ ԱՄՆ Իրանի պարագային։ Արդեօք իր քայլերը կ՚ըլլա՞ն տեղային կամ ոչ։ Անմիջական դերակատարները ի՞նչ հաշուարկներով կը մտնեն այդ խաղին մէջ։ Տուեալ պարագային մտահոգիչ է, որ Իրանի հիւսիսային սահմանին կան վարձկան ահաբեկչներ։ Բայց կը կրկնեմ, որ լայնածաւալ գործողութիւն՝ Արցախի պատերազմին նման, տեսանելի ապագային նուազ հաւանական է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2021