ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ Կ՚ԱՐԳԵԼԱՓԱԿԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՇԷՆՔԻ ՄՈՒՏՔԵՐԸ

Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապալի մթնոլորտին մէջ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը ամբողջ թափով յառաջ կը տանի իր գործունէութիւնը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։ Շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր ընդդիմադիր ցուցարարները փակ կը պահեն Երեւանի կեդրոնի Բաղրամեան պողոտան, որու վրայ կը գտնուի Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքը։ Լարուած են վրաններ, զետեղուած է բեմահարթակ մը, որու վրայ յաճախ ելոյթներով հանդէս կու գան ընդդիմադիր գործիչները։ Երէկ, ընդդիմադիր ցուցարարները ընդլայնեցին իրենց զբաղեցուցած տարածքը։ Անոնք վրաններ լարեցին նաեւ յարակից Տեմիրճեան փողոցին վրայ, որ խորհրդարանի համալիրի եզրային սահմանը կը բնորոշէ ու կը միանայ Բաղրամեան պողոտային։ Գործնականօրէն խորհրդարանի շէնքի տարածքէն ներս ելք ու մուտքերը կը կատարուին Տեմիրճեան փողոցի դուռէն, որ ծառայողական նշանակութիւն ունի։ Ուրեմն, երէկուան դրութեամբ ընդդիմադիր ցուցարարները կ՚ընթանան Հայաստանի Ազգային ժողովի համալիրի մուտքերը արգելափակելու ճանապարհով։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը շաբաթներէ ի վեր կ՚ակնկալէ, որ Հայաստանի խորհրդարանը ստեղծուած իրավիճակին համահունչ քայլեր առնէ։

Երէկուան հանրահաւաքի հիմնական ատենախօսներն էին արմատական ընդդիմութեան կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավարներէն Իշխան Սաղաթելեան, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» համակարգողն է։ Այս վերջինը յայտնեց, որ ցուցարարները պէտք չէ սադրանքներու տեղի տան, իրենց նպատակը չէ խորհրդարանի համալիր ներխուժելը, սակայն Հայաստանի խորհրդարանը պէտք չէ որեւէ ժողով գումարէ՝ ժողովուրդին կողմէ նախատեսուած օրակարգէն դուրս։ Սաղաթելեան աւելցուց, որ իրենք պարզապէս անհնազանդութեան ցոյց մը կ՚ընեն, որպէսզի թոյլ չտան երեսփոխաններու խորհրդարանի շէնք մուտքը։ Արդարեւ, անոնք այնտեղ այլեւս ընելիք բան մը չունին։

Իր կարգին, Վազգէն Մանուկեանն ալ պատասխանեց իշխանական շրջանակներու քննադատութիւններուն, ըստ որոնց ընդդիմութեան գործողութիւնները կը դժուարացնեն Հայաստանի դիրքերը՝ գերիներու վերադարձի հարցին մէջ։ Ի պատասխան Վազգէն Մանուկեան երէկ յայտնեց, որ ընդդիմութեան հանրահաւաքները միայն ու միայն կը նպաստեն գերիներու վերադարձի աշխատանքներուն։

Երէկուան հանրահաւաքի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ նաեւ Արա Սաղաթելեան, որ վերջերս ձերբակալուած, յետոյ ազատ արձակուած էր։ Ան նշեց, որ այժմու իշխանութիւնները բոլոր գրուած եւ անգիր օրէնքներու սահմանները անցած են, հատած են բոլոր կարմիր գիծերը։ Իր խօսքով՝ այժմու վարչախումբի բոլոր սպասարկուները պատասխան պիտի տան օրէնքի, սերունդներու եւ Աստուծոյ առջեւ։ «Հազարներով մարդիկ տարին, կոտորեցին մարտի դաշտի վրայ։ Յետոյ մի ոմն կ՚ըսէ, թէ Սիւնիքի եւ Արցախի դիրքերը անցնելով՝ մարդկային կեանքեր փրկած է։ Ո՞ւր փրկած ես այդ կեանքերը։ Այնտեղ այդքան մարդ կա՞ր։ Այդքան մարդ մնացա՞ծ էր։ Եթէ կեանք փրկող էիր, ժամանակին կանգնեցնէիր պատերազմը», ըսաւ Արա Սաղաթելեան։

Երէկ Հայաստանի խորհրդարանի համալիրի յարակից տարածքներուն ոստիկանութիւնը միջամտեց ընդդիմադիր ցուցարարներուն, ձեռք առնուեցան կոպիտ միջոցներ անոնց դէմ։ Հանրահաւաքի հրապարակային ելոյթներու պահերէն դուրս, ընդդիմադիր ղեկավարները մնացեալ ժամանակներուն ազատ քննարկումներու ձեւաչափով առկայ հրատապ հարցերուն շուրջ քննարկումներ ալ կը ծաւալեն քաղաքացիներուն հետ։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը այսօր ալ հանրահաւաք մը նախատեսած է Երեւանի կեդրոնին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2021