ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԴԻՄԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆ

Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման խնդիրը կը շարունակէ առանցքային բնոյթ ներկայացնել՝ Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ։ Հայկական զինեալ ուժերու հրամանատարական կազմը շուրջ երկու շաբաթ առաջ աղմկայարոյց յայտարարութիւնով մը միացած էր վարչապետ Փաշինեանի կառավարութեան հրաժարականի պահանջին, ինչ որ ռումբի ազդեցութիւն գործած էր։ Փաշինեան անմիջապէս վերջ որոշեց պաշտօնէն հեռացնել զօրավար Օննիկ Գասպարեանը, սակայն իր հրամանագիրը չվաւերացուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Փաշինեանն ալ նախագահական ապարանք անմիջապէս ետ ուղարկեց իր հրամանագիրը՝ յամառելով վաւերացման պահանջին վրայ։

Ստեղծուած փակուղային իրավիճակին մէջ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ նախատեսուած դրութեան լոյսին տակ ալ սկսան բարձրաձայնուիլ յարաբերական մեկնաբանութիւններ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան, լիազօրութիւն ունենալով հանդերձ, ուղղակիօրէն վարչապետի որոշմնագիրը չվիճարկեց Սահմանադրական ատեանի մօտ։ Սա հիասթափեցուցիչ էր ընդդիմութեան պարագային։ Իսկ երէկ, Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը պատասխանեց հրապարակային հարցումի մը։ Այս առթիւ նշուեցաւ, որ ներկայիս զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման հարցը բոլոր առումներով վարչապետի իրաւասութեան եւ հայեացքի շրջանակներուն մաս կը կազմէ։ Ըստ Սահմանադրութեան, եթէ հանրապետութեան նախագահը գործադիր իշխանութեան հրամանագիրը թէ՛ չվաւերացնէ եւ թէ զայն չյանձնէ Սահմանադրական ատեանի դատին, ապա այդ տնօրինութիւնը իրաւունքի ուժով կը դառնայ ի զօրու։ Այս առաւօտ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկումը արդէն իրաւունքի ուժով դարձած է ի զօրու։ Իսկ հանրապետութեան նախագահի ապարանքէն հաղորդուեցաւ, որ Արմէն Սարգսեան Սահմանադրական ատեան դիմած է՝ զինուորական ծառայութեան եւ զինուորական ծառայողի կարգավիճակի մասին օրէնքի հարցով։ Ան նախապէս ալ այս օրէնքին շուրջ դիմած էր Բարձրագոյն դատարան։ Թէ ի՞նչ է այս անգամուան նորութիւնը կամ նրբութիւնը։ «Դիմումի ներկայացումը պայմանաւորուած է նաեւ նշուած օրէնքի իրաւակիրառ գործադրութեան առկայ խնդիրներով, որոնք առաւել ակնյայտ դարձան զօրավար Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատելու ուղղեալ վարչապետի նախաձեռնութեան եւ անոր յաջորդած սահմանադրական իրաւական գործընթացներու բերումով։ Սահմանադրական ատեանը օրէնքով իրեն վերապահուած լիազօրութիւններու շրջանակին մէջ հնարաւորութիւն ունի՝ համակողմանիօրէն եւ համակարգային առումով փոխկապակցուած քննութիւն մը իրականացնել եւ որոշում ընդունիլ։ Ներկայացուած դիմումով Սահմանադրական ատեանի վճիռները եւ ձեռնարկուած միջոցները կրնան լրջագոյն ազդեցութիւն ունենալ ցարդ ընդունուած որոշումներու, ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ ներկայ ու ապագայ գործընթացներուն վրայ՝ վերոյիշեալ օրէնքի մեկնաբանման եւ կիրառման համատեսքին մէջ», տեղեկացուցած է նախագահի աշխատակազմը։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան միեւնոյն ժամանակ յոյս յայտնած է, թէ հնարաւորինս արագ համապատասխան վճռին Բարձրագոյն դատարանին կողմէ արձակուիլը իրաւական յստակութիւն կ՚ապահովէ եւ կը նպաստէ ներկայ տագնապի հանգուցալուծման։

Իր կարգին, Հայաստանի խորհրդարանի «Լուսաւոր Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութենէն երեսփոխան Էտմոն Մարուքեան յայտնեց, որ Սահմանադրական ատեանը քննելով Հանրապետութեան նախագահի դիմումը կրնայ կասեցնել բողոքարկուած օրէնսդրական դրոյթներու գործողութիւնը, իսկ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը պաշտօնէն չի կրնար ազատուիլ՝ առնուազն մինչեւ դատավարութեան աւարտը։

Հարկ է նշել, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» արտախորհրդարանական արմատական ընդդիմադիր խմբաւորումը վերջին օրերուն թերահաւատութեամբ կը վերաբերի Էտմոն Մարուքեանի կողմէ առնուած քայլերուն հանդէպ։ Պատճառաբանութիւնը այն է, որ ան երկխօսութեան մէջ է նաեւ իշխանութեան հետ, աշխատանք կը տանի առանց վարչապետի հրաժարականին արտահերթ ընտրութիւն մը իրականացնելու նպատակին ուղղութեամբ, ինչ որ խորքին մէջ կը նշանակէ՝ սպասարկել այժմու վարչախումբին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2021