ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Երէկ, հայոց արդի պատմութեան կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մին ապրուեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահ Արմէն Սարգսեան երդումը կատարեց հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ու պաշտօնապէս գործի ձեռնարկեց։ Երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս։ Հայաստանի Ազգային ժողովի յատուկ նիստին մէջ նախատեսուած էր ամբողջ արարողութիւնը։

Օրուան սկիզբին նախագահի նստավայրէն հանդիսաւորապէս դուրս բերուեցան պետական եւ հոգեւոր խորհրդանշանները, որոնք էին՝ պետական դրօշը եւ նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանը։ Այս վերջիններուն վրայ աւելցան Սահմանադրութեան մայր օրինակը, որ Սահմանադրական ատեանէն դուրս բերուած էր, նաեւ Վեհամօր Սուրբ Աւետարանը, որ Մատենադարանէն դուրս բերուած էր։ Նախագահական ապարանքի երդիքին տակ պետական դրօշը եւ նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանը ստանձնուեցան եւ փոխադրուեցան զինուորներու կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Սահմանադրական ատեանի նախագահ Հրայր Թովմասեան եւ Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան։ Հրայր Թովմասեան Սահմանադրութեան մայր օրինակը յանձնեց ատեանի անդամներէն Արեւիկ Պետրոսեանին։ Վահան Տէր-Ղեւոնդեանն ալ Վեհամօր Սուրբ Աւետարանը յանձնեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանին։ Այս բոլոր խորհրդանշանները հանդիսաւորապէս տարուեցան մարզահամերգային համալիր։ Երդման արարողութենէն առաջ այժմ արդէն նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ իր կողակիցը՝ Ռիթա Սարգսեան նախագահական ապարանքին մէջ հիւրընկալեցին նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանն ու Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեանը։

Կէսօրուան ժամերուն սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յատուկ նիստը, որուն հետեւեցաւ շուրջ 1300 հոգի։ Բացի Սերժ եւ Ռիթա Սարգսեան ամոլէն եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսէն, արարողութեան ներկայ գտնուեցան նախ եւ առաջ բնականաբար, երեսփոխաններ, Հայաստանի կառավարութեան անդամներ, եպիսկոպոսներ, բանակի վերնախաւը, բարձրաստիճան դիւանակալներ, արդարադատական համակարգի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, դիւանագէտներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, գիտամշակութային եւ այլ զանազան հիմնարկներու վարիչներ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու պատասխանատուներ, սփիւռքէն հոծ թիւով հիւրեր, Արմէն Սարգսեանի ընտանիքի անդամները, ինչպէս նաեւ արտասահմանէն իր հիւրերը։

Խորհրդարանի նախագահ Արա Պապլոյեան վարեց յատուկ նիստը, որու ընթացքին Արմէն Սարգսեան հանդիսաւոր կերպով կատարեց իր երդումը՝ ձեռքը դնելով Սահմանադրութեան մայր օրինակին եւ Վեհամօր Ս. Աւետարանին վրայ։ Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով մը։ Աւարտին Նորին Սրբութիւնը Արմէն Սարգսեանի գլխուն դրաւ իր Սուրբ Աջը՝ անոր փոխանցելով իր հայրապետական օրհնութիւնները եւ յաջողութեան մաղթանք։

Երդումը կատարելէ վերջ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան շեշտեց, որ իր ստանձնած վիթխարի պատասխանատուութիւնը զինքը կը մղէ լարել իր ամբողջ ուժերն ու եռանդը՝ արդարացնելու համար իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութիւնը։ «Ինձ ուժ կու տայ հաւատը։ Հաւատը մեր երկրի եւ ժողովուրդի ապագային հանդէպ, հաւատը Հայաստանի քաղաքացիներու եւ աշխարհով մէկ սփռուած մեր քոյրերու ու եղբայրներու տոկունութեան, աշխատասիրութեան ու տաղանդին հանդէպ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան, որ գնահատանքով անդրադարձաւ իրեն նախորդած երեք նախագահները՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի, Ռոպէրթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի կողմէ ցուցաբերուած ղեկավարութեան։ Յիշեցնելով երկրի անկախութեան սկզբնական շրջանի դժուարութիւնները՝ Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Այնուամենայնիւ, մենք յաջողութեամբ կրցանք ստեղծել պետական կուռ համակարգով, բաց հասարակութեան գաղափարով եւ համամարդկային արժէնքներով առաջնորդուող երկիր մը։ Երկիր, որ իրաւամբ կը վայելէ համաշխարհային հանրութեան յարգանքը եւ վստահելի գործընկերոջ համբաւը։ Հակառակ տակաւին առկայ խնդիրներուն, սա պատմական շատ կարեւոր ձեռքբերում մըն է։ Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ Եւրոմիութեան հետ ստորագրուած համապարփակ ու ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրը երկրի զարգացման համար նոր հեռանկարներ եւ հնարաւորութիւններ կը բանայ։ Իսկ կառավարման խորհրդարանական համակարգը լաւագոյն պայմաններ կը ստեղծէ այս ուղղութեամբ։ Այս առումով ես կ՚ուզեմ արժանին մատուցել նախագահ Սերժ Սարգսեանի քաղաքական հերոսութեան եւ պետական գործիչի եւ կազմակերպիչի հմտութեան»։

Իր ելոյթին տեւողութեան Արմէն Սարգսեան աւելցուց. «Հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալն ու փորձը ցոյց կու տան, թէ մեր պատմութիւնը առաւելապէս ոգիի պատմութիւն է։ Առանց այդ ոգիի եւ հաւատի մենք չէինք կրնար խոր հնադարէն հասնիլ այսօր եւ այդ ընթացքին համաքայլ ընթանալ առաջաւոր մարդկութեան հետ ու մեր նպաստը բերել համաշխարհային առաջընթացին։ Մենք եղած ենք արդի համամարդկային արժէքներու ակունքներուն՝ սկսած հին Հռոմի ու Յունաստանի դասական շրջանէն, քրիստոնէութեան ծագումէն մինչեւ մեր օրերը։ Իրաւամբ կրնանք հպարտանալ, որ ժառանգներն ենք հազարամեակներու ընթացքին հայկական բարձրավանդակի վրայ ձեւաւորուած ու կայացած հայկական իւրայատուկ ու ինքնատիպ քաղաքակրթութեան։ Ժամանակային եւ տարածական այդ վիթխարի տիրոյթներուն մէջ մենք զանազան ժողովուրդներու համերաշխ համակեցութեամբ անգնահատելի ու անանց փորձառութիւն ձեռք բերած ենք։ Մեր ողջ պատմութեամբ մենք ապացուցանած ենք, թէ արարող, ստեղծագործող, հաշտ ու խաղաղ ժողովուրդ մըն ենք։ Ահա, թէ ինչու Հայաստան հետեւողականօրէն յառաջ կը տանի բոլոր հակամարտութիւններն ու քաղաքական խնդիրները խաղաղ եւ բանակցային ճանապարհով լուծելու քաղաքականութիւնը»։

Երդման արարողութեան ընթացքին Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ այսօր Հայաստանի եւ անոր ամբողջ ժողովուրդին համար առանցքային կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ բանակցային կարգաւորումը։ «Ոեւէ մէկը թող չկասկածի, թէ Հայաստան եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը կանգնած է Արցախի թիկունքին ու պիտի պայքարի անոր արդար իրաւունքներուն համար», ըսաւ ան։

Այս ուղղութեամբ առաջին երաշխիքը հզօր Հայաստանն է։ Ան համոզուած է, որ այդպիսի Հայաստան մը կերտելու համար պէտք է ապահովել երկրի քաղաքացիներու ինքնադրսեւորման լաւագոյն միջավայրը։ Բաց աստի, ան կանգ առաւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք միասնութեան ամրապնդման եւ այդ ներուժը առաւել արդիւնաւէտ կեանքի կոչելու վրայ։ «Մեր ազգային միասնութեան ամենակարեւոր խրատականն ու յենարանը եկեղեցին է, համաշխարհային ազգային կառոյց մը, որու շուրջ դարերէ ի վեր համախմբուած է մեր ամբողջ ժողովուրդը։ Պէտք է ընենք հնարաւոր ամէն բան՝ արհեստական հակազդեցութիւններու վերացման եւ մեր հաւաքական իրական ուժի գիտակցման ուղղութեամբ։ Մշակենք համազգային խնդիրներու լուծման ծառայող արդիւնաւէտ նոր դրութիւններ։ Միացեալ օրակարգ, ընդհանուր պատասխանատուութիւն եւ միասնական ջանք։ Վստահ եմ՝ մենք օր առաջ պիտի հասնինք այս բանաձեւի ընկալման ու կենսագործման։ Փոքր երկիր՝ համաշխարհային ազգ. սա է մեր էութիւնը», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Իր ելոյթի եզրափակիչ բաժնին մէջ Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Հաւատ, վստահութիւն, արդարութիւն եւ ամենօրեայ բարեխիղճ աշխատանք։ Այս արժէքներն են, որ կրնան խթանել մեր հասարակութեան ստեղծագործական ուժերն ու եռանդը։ Այսօրուայ եւ վաղուայ նկատմամբ հաւատն ու վստահութիւնը, տնտեսութիւնը աշխուժացնելու յստակ տեսլականը եւ անոր շօշափելի արդիւնքները կրնան ոչ միայն խթանել տնտեսական աճը, ներքին եւ արտաքին ներդրումներու հոսքը, այլեւ արգելակել արտագաղթը, առաւել՝ հայրենիք վերադարձնել մեր հայրենակիցներէն շատերը։ Սակայն, ինչքան ալ գրաւիչ եւ տեսականօրէն հիմնաւոր ըլլան լուսաւոր ապագայի խոստումները, մարդիկ կ՚ուզեն իրենց առօրեային մէջ այսօր տեսնել անոնց պտուղները եւ անոնք իրաւացի են։

«Աշխարհը, ուր կ՚ապրինք եւ պիտի ապրին մեր երեխաները, կը փոփոխուի շատ արագ, կը վերածուի մրցակցութեան հսկայական դաշտի մը։ Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք, ներդրումներ ընենք գիտութեան, նոր փորձագիտութիւններու, կրթութեան ու մշակոյթի ոլորտներուն մէջ։ Կապ հաստատենք աշխարհի լաւագոյն գիտական, կրթական եւ հետազօտական կեդրոններու հետ՝ արեւմուտքէն արեւելք, հիւսիսէն հարաւ։ Ներգրաւենք նոր գաղափարներ, փոխառնենք լաւագոյն փորձը եւ այս բոլորի հիման վրայ ստեղծենք մեր իւրօրինակ լուծունմերը եւ զանոնք առաջարկենք աշխարհին։ Վստահ եմ, որ մենք ի վիճակի ենք Հայաստանը դարձնել գրաւիչ գործընկեր, նոր փորձագիտութիւններու եւ լուծումներու կամուրջ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ։ Սա է ապագան։ Կը վստահեցնեմ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մեր երիտասարդները, թէ ես ոչ միայն իբրեւ երկրի նախագահ, այլեւ այդ բնագաւառի մէջ որոշ փորձառութիւն ունեցող մարդ, միշտ պիտի ըլլամ ձեր կողքին։

«Սիրելի հայրենակիցներ, մենք կ՚ապրինք յարափոփոխ աշխարհի մէջ՝ լի բազմաթիւ վտանգներով, սպառնալիքներով եւ մարտահրաւէրներով։ Սակայն մեզի համար ան լեցուն է նաեւ նոր եւ գրաւիչ հնարաւորութիւններով։ Եւ մեզմէ կախեալ է. պիտի կարողանա՞նք արդեօք օգտուիլ այդ պատմական հնարաւորութիւններէն։ Մեզմէ կախուած է, թէ 21-րդ դարուն ինչպիսի Հայաստան կ՚ուզենք կերտել։ Հայաստան, որ ընդունակ կ՚ըլլայ դիմագրաւել դարու մարտահրաւէրներուն եւ արժանի տեղ գրաւել առաջաւոր ազգերու շարքին։ Սա, յիրաւի, պատմական հնարաւորութիւն է։ 21-րդ դարը մտքի դար է, գիտական թռիչքի դար եւ ըստ այդմ մենք պէտք է կերտենք նոր՝ երիտասարդ Հայաստան։ Աշխոյժ, ճկուն եւ ստեղծագործ Հայաստան։ Երկիր, որ կը մարմնաւորէ մեր ժողովուրդի իմաստութիւնն ու տաղանդը, կը համապատասխանէ բոլորիս իղձերուն եւ կը դառնայ բոլորիս հպարտութեան եւ ոգեւորութեան աղբիւրը։ Հայրենիք՝ աշխարհի բոլոր հայերուն համար։ Փա՜ռք Հայաստանի Հանրապետութեան։ Փա՜ռք Արցախին։ Փա՜ռք հայ ժողովուրդին։ Աստուած պահապան բոլորիս»։

Այս ելոյթէն վերջ Հայաստանի Ազգային ժողովի յատուկ նիստը եզրափակուեցաւ՝ պետական եւ հոգեւոր խորհրդանշաններու դահլիճէն դուրս բերուելով։

Երդման արարողութենէն վերջ, մարզահամերգային համալիրի ընդարձակ մուտքասրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Արմէն Սարգսեան ընդունեց բոլոր ներկաներուն շնորհաւորութիւնները։ Աւարտին նորընտիր նախագահը այցելեց Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն։ Ան իր յարգանքի տուրքը մատոյց Հայաստանի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին։ Նախագահ Արմէն Սարգսեանին Եռաբլուրի մէջ ընկերացաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան։ Զինուորական երգչախումբն ալ հանդէս եկաւ կատարումներով։

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱԺԱՐԱԾ

Օրուան տեւողութեան Արմէն Սարգսեան ընդունեց Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանը, որ ներկայացուց կառավարութեան հրաժարականը։ Սահմանադրութեան 212-րդ յօդուածով ներկայացուած է այս հրաժարականի դիմումը։ Կառավարութեան անդամները կը շարունակեն իրենց պարտականութիւններու կատարումը մինչեւ նոր նախարարաց խորհուրդի ձեւաւորումը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2018