ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՊԱՀՈՎԱԾ Է ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՇՏԱՊՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՈՒՂՂԱԹԻՌ ՄԸ

Հայաստան կը դառնայ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանի առաջին երկիրը, որ բժշկական շտապօգնութեան ուղղաթիռ կ՚օգտագործէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Armenian Helicopters-ի ընկերութեան ղեկավարներէն Արամ Աբովեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Հայաստանի մէջ շատ են դժուարանցելի ճանապարհները, որովհետեւ լեռնային երկիր մըն է այս իսկ պատճառով ուղղաթիռը միակ յարմար փոխադրամիջոցն է հիւանդ մարդը շատ կարճ ժամանակի մէջ զանազան մարզերէն Երեւան փոխադրելու համար։ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ կայ ճշդուած հիւանդութիւններու ցանկ մը, որոնց պարագային ուղղաթիռը պէտք է հիւանդը բժշկական հաստատութիւն հասցնէ։ Հիւանդները փոխադրելու պարագային պիտի գործէ պետական պատուէր, այսինքն՝ պետութիւնը պիտի հոգայ ծախսերը»։

Այս ուղղաթիռը ամբողջութեամբ օժտուած է անհը-րաժեշտ բոլոր սարքաւորումներով, որոնք հիւանդը երկրի մարզերէն Երեւան տեղափոխելու տեսակէտէ կարեւոր են։ Ուղղաթիռին մէջ կը գտնուի այն ամէն ինչը, որ գոյութիւն ունի նաեւ շտապօգնութեան ինքնաշարժներուն մէջ։

Իր կարգին, Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանն ալ յայտնեց, որ բժշկական օդագնացութիւնը աշխարհի մէջ շատ ընդունուած փոխադրամիջոց մըն է, որ թոյլ կու տայ հիւանդները աւելի արագ ձեւով հասցնել հիւանդանոցներ։

Այս ուղղաթիռով ծառայութիւն իրականացնող բժիշկներն ալ արդէն իսկ անցած են համապատասխան վերապատրաստումներէ, տեղեակ են անվտանգութեան բոլոր կանոններուն, օդաչուները նոյնպէս կը տիրապետեն բոլոր մանրամասնութիւններուն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2019